Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Զահրատ

Տաղ

Փոքր բաներով
Երջանկութեան մեծ տաղեր իմանալ
Մութ ճամբաներով
Լապտեր մը տեսնել ու երջանկանալ

Մանր յանգերով
Կեանք մʼամբողջ ապրիլ երգել ու պարել
Հսկա՞յ զանգերով
Միայն կը կարծեն ժպիտ նկարել

Մինչդեռ ես ու դուն
Որ չենք կորուսեր պարզութիւնն անյուշ
Նախնական մարդուն
Գիտենք աստղերուն տակ նստած անոյշ

Փոքր բաներով
Երջանկութեան մեծ տաղեր իմանալ
Մութ ճամբաներով
Լապտեր մը տեսնել ու երջանկանալ