Yatuk Poem Յատուկ Պոէմ պոեմ

Լևոն Շանթ

Լեռան աղջիկը

ՆՈՒԱԳ ԱՌԱՋԻՆ

Վիպերգ

ԴԷՊԻ ԳԵՂԱՐԴԻ ՕՊԱՆ

***

Լեռնե՛ր, սէ՛գ լեռներ, ես կսիրեմ ձեզ,

Կսիրեմ բուռըն ու անզուսպ սիրով.

Հպարտ գագթնիդ՝ հսկաներ կարծես՝

Ո՛ւժ կներշնչեն, թարմութի՛ւն, կորո՛վ։

Հոդ ամէն մէկ բան սրտիս կժպտի,

Վիշտն ու թախիծը կվանէ մեկդի.

Հոդ զովիկ հով մը դէմս կփութայ

Եւ կուրծքս ազատ շունչ կառնէ կուտայ։

Իսկ անդընդախոր ձորի հատակին,

Երբ իր պատերը պատռել քնիելով՝

Ժայռերու դէմքին փրփուր թքնելով՝

Կուռի կոլըրի ջուրը գետակին,

Սիրտս ալ, գետին պէս, կը խայտայ վետևվետ,

Եռալ փրփրիլ կուզեմ իրեն հետ։

Լեռնե՛ր, վե՛հ լեռներ, ձե՛զ գրել կուզեմ

Ոգեւորութեան այս տենդերուս մէջ.

Թող ձեր ճակատը միշտ բա՜ց, միշտ վսե՜մ՝

Դառնայ գործերուս իդեալն անշէջ։

Դո՛ւն, լեռան աղջիկ, երգել կուզեմ քեզ,

Եւ թող երգիս հետ դուրս հոսի կրծքէս

Հոն երկար ատեն ծածկուած անյուշ

Թրթիռը սրտիս ու յոյզերս անուշ։

Եւ երնե՜կ երգս ալ պարզ ըլլայ, յստակ,

Ինչպէս ամէն բան լեռներուն վրայ.

Ինչպէս աղբիւրը, որ դուրս կծորայ

Մամռոտ ժայռեռու զով խոռոչին տակ.

Ինչպէս լեռնային երկինքը վճիտ.

Ինչպէս լեռա՛ն կոյս, թնդիւնը լանջիդ։

***

Խոր ու թեք ձորի պատռտած կողէն

Պարզուկ գմբեթ մը երկինք կմիտի,

Սուրևսուր սլախ մը լարուած աղեղէն,

Որ, ըսես, հիմա վեր թռչի պիտի։

Վարը Ազատը ժայռերու գրկին,

Դէմ կուտայ անոնց քարէ գգուանքին,

Խաղով, հեգնանքով, քմահաճորէն,

Դուրս սողալ կուզէ Գեղամ սարերէն։

Բայց այդ ի վազքին մէջն իսկ խելագր,

Երբ կհանդիպի սուր սուրբ գմբեթին

Պատկառած քիչ մը կքաշուի մեկդին,

Որ մենաստանին չդառնայ խանգար։

Հա՛, հմայք ունի բնութեան ծոցին

Հին ու կիսավեր վանք մը առանձին։

***

Օ՜հ, որքան քա՜ղցր է ձմռան բանտէն վերջ՝

Բնութեան գիրկը խենթի պէս նետուիլ.

Ու խորհրդաւոր, սիրուն ձորին մէջ

Ե՛ւ սքանչանալ, ե՛ւ ոգեւորուիլ։

Տաք իրիկուն էր, երբ սայլն առաւ կանգ։

Վերջին ոլոր մÿալ, ու ձորը մտանք։

Գետն իր խու լերգով դէմերնիս փութաց,

Պագաւ երեսնիս իր շնչովը թաց։

Ճոխ ուռիներու թաւուտ ճիւղերէն

Սուր դայլայլիկներ կտրուկ, թրթըռուն

Հանկարծ անձրեւեց մեր խոնջած գլխուն.

Մինչ գաղտնի ձայներ, որ մարդ կծաղրեն,

Ձորի այն բա՜րձր անձաւներէն կոյս

Նոյնը կկրկնէր թովուած ականջնուս։

***

Նրբամէջ ձորը դիւթել կուզէր մեզ՝

Վառ ծաղիկներով պճնած դէմքն ու լանջ.

Փարթամ բնութեան իբրեւ նուրբ բեհեզ

Նետէր էր ուսին կրկնոց մը կանանչ.

Սակայն վախնալով, որ հովն անպատկառ

Ծածկոյթը մարմնէն կատակով բանար,

Անփոյթ դիրքով մը փաթթէր էր մէջքին

Փրփուրէ գետի արծաթէ գօտին։

Եւ շլացանք մենք այդ կոյս, ամօթխած

Ու թամր, գրգըռիչ գեղեցկութենէն.

Մոռցանք դպրոցը, իր ժխորն ամէն՝

Նոր հրապոյրին անձնատուր եղած։

Եւ հաճոյալից խուսափուկ օրեր

Մեր անհոգ կեանքի օրոցքը կօրրէր։

***

Սակայն հոսուն են, վաղանց, քմածին

Ու դիւրափոփոխ իղձերը մարդուն.

Ինչպէս ամառուան վառ վերջալոյսին

Նրբին, գունանգեղ ամպերն անկայուն։

Լրիւ ամիս մը դեռ հազիւ անցաւ,

Երբ ամենուս ալ զգալի դարձաւ,

Որ հնչուն գետը ու ձորը գողտրիկ

Ծարաւ սրտերնուս ալ չէր գար հերիք.

Ազատ երկնքի կզգայինք պահանջ.

Ծերուկ սարերուն տեսքը ալեհեր

Կարծես կքաշէր մեզ լեռներն ի վեր՝

Հո՛ն, ուր հարթակ էր փռուած գեղալանջ։

Եւ մենք վճռեցինք շաբաթ մըևերկու

Լեռներուն վրա՛յ երթանք ապրելու։

***

Գիրք ու անկողին՝ պետքերնիս բոլոր՝

Իր թիկունքն առաւ մէկ նիհար, սեւ եզ.

Դե՜, օպա կերթանք մենք ոլորևմոլոր,

Մանուկ հոտաղ մը առաջնորդ է մեզ։

Դժուար էր ճամփան, նեղ, սեծ ու անանց,

Շուտով գիշերն ալ հասաւ անթափանց.

Երբ հանկարծ մօտէն խուլ որոտումներ

Դղրդեցուցին թէ՛ անդունդ, թէ՛ լեռ.

Եւ հոծ ամպերու թանձրութեան խորէն

Դուրս սողաց շանթը ճայթումով վայրագ,

Մինչդեռ փայլակը դողդոջ ու արագ

Մահատիպ լոյս մը կթափէր վերէն։

Իսկ մենք կելլենք միշտ լուռ ու շնչարգել

Մութին մէջ կորած այդ շաւիղն անել։

***

Ա՜հ, այդ գիշերը ո՞վ մոռնալ կրնայ.

Կատղած բնութեան ցասկէն դողահար՝

Միայնակ նետուած լեռներուն վրայ,

Երբ երկնքէն վար դժոխք կտեղար։

Չէ՛, ես կպաշտեմ այդ աղմուկն անսանձ,

Այդ ակնախըտիղ փայլը կարճակեաց,

Այդ կայծակները, երբ վազքերնուն տակ

Կպատռեն ամպերն այն կուտակևոկւատկ.

Բնութեան ահեղ այդ կըռուին հուժկու

Ես կերկրպագեմ ըափշտակութեամբ.

Ան իմ թարմ սրտիս կուտայ իղձ ու թափ

Մեր կարճ կեանքին մէջ անդուզլ կռուելու.

Եւ մարդ ո՛ւժ կզգայ այդ վեհ վայրկեանին

ուխտել բիւր ցնորք ու ա նկարելին□

***

Բայց թունդ աղմուկին քիչևքիչ յաջորդեց

Առատ անձրեւի զարկերն ու շառաչ.

Եւ մենք ուժասպառ, գավազաննուս հեց՝

Եզին հեքովը կերթանք միշտ առաջ։

«Հասա՛նք», կավետէ մեզ առաջնորդնիս.

Ես սթափելով կնայիմ չորս դիս։

Մութին մէջ բան մը հազիւ նշմարած՝

Այն կողմ կշտապենք եզը զանց ըրած։

Բայց հաղթ, հովուական խոշոր շներու

Հաչն ու կլանչը մեզ ետ կվանեն.

մինչ հովիվները կելլեն վրանէն

Ապշած նայելով անկոչ հիւրերուն,

Որ գոռ փոթորկին, այդ սեւ գիշերին

իրենց այցի գալ մտածեր էին։

***

Դեռ փոթորիկը դուրսը կաղմկէ,

Եւ հորդ անձրեւն ալ կծեծէ անդուլ

Պարզուկ վրանին ծածկը թաղիքէ՝

Կազմելով երգ մը միակերպ ու խուլ։

Եւ այդ թացութեան երգը տխրագին

Օրոր կկարդայ մեր հոգնած մտքին.

Եւ մենք ուժաթափ, մրսած ու քնատ,

Անրձեւէն թռջած ու հովէն գունատ՝

Կննջենք խորունկ մանկական քնով։

Քունն ի՜նչ անուշ է լեռներուն վրայ,

Երբ փոթորիկն ալ դուրսը կգոռայ,

Երբ խեղճ վրանըդ կղոդայ ահով,

Եւ անկողնիդ մէջ երբ բնազդաբար

Կծիկ կդառնաս տաքնալու համար։