Լոգանքը
Իր մարմինը սպիտակ էր…
Ինչպէս է ձիւնն աստուածընծայ Տաւրոսներուն,
Եւ իր երկու աչքերուն մէջն ահաւոր՝
Բարբարոս սէր մը անյագուրդ կը վառէր։
Բայց սեւահեր այս գեղուհին ամուլ էր,
Ստինքները դեռ չոր էին մաքուր կաթէն,
Եւ իր կողերէն չեր ծնած այն պտուղը ազնուական կամ ոճրագործ,
Որուն համար բոլոր մայրերը կը սպասեն…։
Ու գինովութեամբ, բայց վայրապար կը ցանկանար
Այրութիւններ խոժոռադէմ եւ արգաւանդ,
Բնութեան դէմ յաղթանակող։
Դաժանագեղ կնութիւնն այս կ՚անգիտանար,
Թէ մեծ օրէնքը իր երկաթէ գաղտնիքն ունի…
Բայց կախարդուհի մը չարաշուք,
Աւերումի այս օրերս, իրեն ըսաւ.
Որպէսզի քու ամլութիւնդ ադամանդեայ
Պայծառօրէն եւ առյաւէտ պտղաւորուի…
Եկուր քեզի հին իմաստուն Դարերուն
Միակ դարմանը ես իմ ձեռքովս մատուցանեմ։
Եւ անգթութեան աւանդավէպը պատմեց…
Մինչ վհուկը գեղեցկուհւոյն աչքերուն մէջ՝
Իր աչքերը շանթերու պէս, մոլեգնութեամբ մը կը մխրճէր։
Յետոյ բերին մեր հանդարտ գիւղէն հեռաւոր
Եօթը կոյսեր վեշտասնամեայ
(Ա՜հ, ճակատագիրնիդ կը տեսնեմ, որ եղերականօրէն նման է,
Ո՛վ խե՛ղճ քոյրերս, այսչափ ատեն իմ մահերգած ճակատագրիս),
Այսպէս բերին մեր հանդարտ գիւղէն առաքինի եւ հեռաւոր՝
Եօթը կոյսեր վեշտասնամեայ՝ մահուան դողէն դողդոջուն,
Ներս մտցուցին զանոնք լոգարանի մը մարմարակերտ դուռներէն,
Ուր արդարութեան արեգակին ճաճանչները վերէն
Արցունքի պէս անոնց վրայ կ՚անձրեւէին…։
Եւ շտապով տախտակէ տաշտ մը հոն դրին
Ու անոր շուրջը զարդարեցին շուշաններով սպիտակ,
Մինչդեռ հեռուն, վարագոյրի մը ետեւէն,
Կրօնաւոր մը մութ աղօթք մը կը կարդար…
Յանկարծ այսպէս՝ գեղեցկուհին զուարթութեամբ մը զարհուրելի,
Իր ոսկեհիւս շղարշները լայնածաւալ.
Իր ուսերէն իր նաժիշտին ուսերուն վրայ նետելով՝
Խաղաղութեամբ մը մերկացաւ…։
Սեւ դահիճները դաշոյններով շողարձակ
Անխղճօրէն խողխողեցին եօթը կոյսերը մեր գիւղին…
Եւ երբ ամուլ գեղեցկուհին, աչուըները դէպի երկինք,
Տաշտին մէջը արձանացած՝ ոտքի վրայ կանգնեցաւ,
Հայ կոյսերուն տաք արիւնը վարդակարմիր…
Սկսաւ իր մերկ եւ անխռով ոտքերէն
Մինչեւ իրեն ամուլ արգանդը բարձրանալ…