Zapel Yesayan
Հոգիս աքսորեալ
Այսօր վերադարձայ Կ. Պօլիս։ Գարուն է եւ Ապրիլի գիշերը իր տենդագին եւ բուրումնաւէտ մթնոլորտով ինձ կը յուզէ քաղցրը խռովքով։ Պաղլար պաշիի իմ՝ հօրենական տան մէջ որ ամայացած է գրեթէ, մինակս կեցած բաց պատուհանին առաջ, երկար ժամանակէ ի վեր կը մտածեմ։ Մտածել չէ ասիկա անշուշտ եւ ոչ ալ երազել. այլ հոգիս բացած անկայուն եւ անսահմանելի յուզմունքի մը՝ յամրաբար կը տոգորուիմ բնութեան գեղեցկութիւնով եւ աստիճանաբար հաղորդակցութեան կը մտնեմ անոր հետ։
Ոչ մութ է եւ ոչ լոյս, այլ աստղային ճերմակ եւ փալփլուն սարսուռ մը լոյսի, որ ամէն ինչ, նոյն իսկ հեռաւոր լեռնաշղթային գիծը, կը դարձնէ յեղյեղուկ. կայծկլտումներ կը վառին ու կը մարին անընդհատ հովիտին մէջ, ուր բեղմնաւորման երկունքով դղրդուած հողը խոնաւ եւ պարարտ բուրում մը կ՚արտաշնչէ։ Գաղջ հովի ալիքներ կ՚անցնին օդին մէջէն առանց տակաւին խառնուելու երեկոյեան զովութեան եւ զայն բարեխառնելու, ու այդ է անշուշտ պատճառը որ հակառակ տենդոտ ջերմութեան որով ճակատս կ՚այրի, յանկարծական ցրտութիւններ զիս կը դողացնեն։
Նոր բացուող ծաղիկ մը կը բուրէ, աստղ մը կ՚անցնի երկնքին վրայէն լուսեղէն ակօս մը գծելով ու գորտերը կը կրկռան բանջարանոցներու աւազաններուն մէջ, երկար, յամառ ու միօրինակ ձայնով։
Ինչքա՜ն թափանցող յուզիչ եւ խոր է այդ յարատեւ երգը գորտերուն, որ ինձ կը յիշեցնէ ուրիշ գարուններ եւ զարմանալի ուժով մը հայրենաբաղձ տխրութիւն յառաջ կը բերէ իմ մէջս… Կ՚ուզեմ այլ եւս պառկիլ ու հանգստանալ ու մտածել վաղուան գործերուս մասին, բայց այդ խոնարհ կենդանիներու գարնանային եւ սիրաբաղձ երգը զիս կը կաշկանդէ. կարծես տակաւին հեռու եմ Պօլսէն ու Սկիւտարի իմ հօրենական տունէս, կարծես յիշողութեամբ միայն կը լսեմ այս կրկռոցը ու գորովագին յուզում մը հոգիս զգայուն կը դարձնէ։
Իմ յիշողութեանս անկիւններուն մէջ, փակուած դռներ կը բացուին ու անցեալ ժամեր կը վերազարթնուն։ Խօսք մը, մոռցուած շարժում մը, հօրս մէկ ակնարկը ու նոյն իսկ առօրեայ կեանքի մանրամասնութիւններ, որոնք վաղուց անցեր ու մոռցուեր են, վերստին կեանք կ՚առնեն եւ ոչ թէ կ՚անցնին յիշողութեանս մէջէն, այլ վերստին ինձ կ՚ընծայեն իրենց մէջ բովանդակած տխրութիւնը կամ ուրախութիւնը։
Երկար, երկար, կարծես շնչատ հապճեպով նոյնաշեշտ նօթերու շարք մըն է, որ կ՚սպառի աւելի բարձր կամ աւելի մեղմ՝ շեշտերու շարքի մը մէջ ու այսպէս անվերջ… անվերջ…
Այսու ամենայնիւ պէտք է փակեմ՝ պատուհանս եւ հանգստանամ. վաղը ամբողջ օրը պէտք է զբաղուիմ մաքսատան մէջ, իմ պատկերներս խլելու պաշտօնեաներու ձեռքէն։
Այդ երկիւղալի գործողութիւնը կատարուեցաւ այնպիսի դիւրութեամբ մը որուն չէի սպասեր բնաւ, ամէն ինչ ստացայ առանց քննութեան։ Սահմանադրական Թուրքիան մասնաւոր եւ սիրալիր բարեացակամութիւն ունի մեզ նկատմամբ։ Զարմանալի կերպով անակնկալ կացութիւններու երկիր մըն է այս երկիրը ու կարծես թէ մէկ վիճակէն միսը փոխանցման շրջան չի կայ կամ շատ լաւ, կամ շատ գէշ։
Պատկերներս դրեր եմ արդէն մեծ սրահին պատերուն վրայ, որ մեծ հայրս, տաղանդաւոր որմնանկարիչ, օթօման ոճով զարդարած է։ Այդ մանուածապատ գիծերու ճարտարութիւնը ծածկուած է այժմ նկարներուս խիտ շրջանակներուն ներքեւ։
Ամբողջ օրեր փակուած կը մնամ այդ սրահին մէջ ու կը նայիմ երբեմն քննադատի խիստ աչքով, երբեմն յուսահատելով եւ երբեմն ալ հիանալով։ Ես ուրիշ բան ընել կուզէի եւ ուրիշ բան կար անշուշտ իմ հոգոյս մէջ։ Իմ մէջ կար լոյս, զուարթութիւն ու կեանք, այլ սակայն իմ բոլոր պատկերներս քօղարկուած են մշուշով։ Իմ հայրենի լուսափառ երկրին արեւը չէ ծագած տակաւին այն գործերուն մէջ որ արտադրեր եմ, բայց եւ կ՚զգամ որ գալիք գործերու մէջ այդ մշուշը պիտի փարատի ու իմ արեւս պիտի ծագի։
Դժուար է բացատրել այն մտորումները, որոնցմէ անցեր եմ եւ յանգեր այս հետեւանքին։ Կարծես իմ կարօտս ու իմ հայրենաբաղձութիւնս իսկ է այդ մշուշը ու այդ տրտմութիւնը, որ իր կնիքը դրեր է նաեւ իմ նկարագրիս վրայ։ Ես ինքզինքս փնտռեր եմ շարունակ ու տանջուեր եմ փնտռելով, ու իմ հոգեկան գալարումներս դրօշմուած են իմ գիծերուս մէջ։
Պիտի հասկնա՞ն զիս, գոնէ պիտի գտնուի մէկը որ իր ճիշդ արժէքով գնահատէ կամ քննադատէ գործս։ Պիտի հասկնա՞ն գոնէ այսքանը որ իմ թերութիւններս դիպուածի կամ անփութութեան արդիւնք չեն, այլ որոշ անյաղթելի տրամադրութեան հետեւանք։
Այս առաւօտ երբ արեւը պայծառ կերպով ծագեցաւ ու իր լոյսովը ողողեց ամէն ինչ, իմ պատկերներս երեւցան գունատ եւ զուրկ այն յուզումնականութենէն, որ այնքան հաղորդական կը համարէին բարեկամներս։ Բայց երեկոյեան վարդագոյն մշուշին մէջ անոնք վերստացան իրենց արժէքը, ու երկար ատեն մնացի նստած անոնց դէմ՝ մտածելով եւ երազելով։ Այդ պահուն սփոփուած զգացի ինքզինքս ու վստահութեամբ սկսայ նայիլ ու նոյն հետզհետէ հիանալ։ Այս իրիկուն հոգիս համընթաց է այն վիճակներուն հետ, որ ծնունդ տուին այդ նկարներուն. թերեւս անոնց իրական արժանիքին վրայ կ՚աւելցնեմ՝ իմ յատուկ տրամադրութիւնս, մտքովս կ՚ամբողջացնեմ զանոնք, կը լրացնեմ անոնց թերիները ու միտքս հետզհետէ կը գերագրգռուի։
Այսու ամենայնիւ որոշ կերպով կ՚զգամ որ իմ արտայայտութեանս ուղղակի միջոցը չեմ գտած տակաւին. թերեւս երանգապնակս պէտք էր տարբեր ըլլալ, կամ նիւթս յղանալու ուրիշ եղանակ պէտք էր փնտռէի… ոչ, ոչ, ի զուր է դարձեալ թափառիլ այդ անելներուն մէջ…
Իրականութիւնն այն է՝ որ արուեստի տեսակն է որ համապատասխան չէ իմ ներքին տրամադրութեանս։ Ես իսկապէս նկարիչ չեմ, իմ վարպետս ճիշդ բնորոշեց եւ մատը վէրքին վրայ դրաւ, երբ ըսաւ։
Դուք, Տիկին, երաժշտութիւն է որ կ՚ընէք գոյներու եւ գիծերու միջոցով։
Ընկերներս ինձ ըսին։
Աւելի մեծ գովասանք չէիր կրնար յուսալ։
Տեսակէտով մը ճիշդ է թերեւս մէկ արուեստի սահմանները գլել անցնիլ եւ թեւակոխել ուրիշ արուեստի մը կալուածին մէջ, այնպիսի ճարտարութիւն է որ միշտ կը զարմացնէ մարդիկը, եւ մարդոց հիացման գլխաւոր դրդապատճառը զարմացումն է։ Բայց ես չեմ ուզեր այս խնդրին վրայ նայիլ առաւել կամ նուազ յաջողութեան տեսակէտով։
Այս պահուս կրկին տարակոյսը կը մտնէ իմ մէջ եւ ես կուզեմ ինքզինքս անդրադառնալ եւ ճանչնալ իմ ներքին խռովայոյզ աշխարհս։
Ճիշտ է որ ներշնչումը ինձ չի ներկայանար տեսիլքներով այլ երաժշտութեամբ։ Տեսակ մը խուլ, ներքին, խորախորհուրդ համանուագ է, որ կ՚սկսի որոտալ կամ մրմնջել հոգոյս մէջ։ Անիկա նման չէ ո՛չ մէկ յայտնի նուագարանի եւ ոչ մէկ մարդկային ձայնի հնչականութեան։ Անիկա ունի լայն ու դաշն կշռոյթը ծովին, քամիին կամ անտառին ու երբեմն ալ մրմնջացող առուակի մը։ Ո՞ւրկէց կուգայ այդ դաշնակութիւնը իմ մէջ, ուրկէ կը բղխի անիկա կամ ի՞նչ արտաքին պատճառներ կարող են ստեղծել այդ չեմ կարող յստակ ըսել. արտաքին աշխարհին եւ իմ ներքին էութեանս միջեւ եղած կապերը կարծես յաճախ կը խզուին, կամ՝ ինձ համար աննկատելի կը դառնան եւ հոգւոյս խորքին մէջ է որ, ինչպէս անսպասելի եւ անծանօթ գանձարանէ մը, կը քաղեմ իմ ներշնչումս։ Բայց ինչքա՞ն տարբեր է այն, որ կը տեսնեմ իմ հոգիիս աչքերով եւ այն որ կը դնեմ մարդկային աչքերու առաջք։ Կարծես ձեռքս կը մխեմ մութին մէջ ոսկիով լիքը պարկի մը մէջ, ափիս մէջ պինդ կը սեղմեմ գանձը, զգոյշ դուրս կը բերեմ ձեռքս, կ՚զգամ՝ շօշափելի կերպով ոսկիին գոյութիւնը, բայց երբ ձեռքս կը պարզեմ լոյս աշխարհին, այլ եւս ոչինչ կայ եւ պէտք է ուշադրութեամբ զննել հազիւ թէ ոսկեփոշիի հետք մը գտնելու համար մորթին աննշմարելի ծակոտիքներուն մէջ։ Այս է համեմատութիւնը։
Այսպէս որ իմ հոգիիս երաժշտութիւնը, իմ ներքին փոթորիկներս ու ներքին խաղաղութիւններս տակաւին չեմ յաջողած արտայայտել ու սեւեռել կտաւին վրայ, պիտի յաջողի՞մ երբէք վերցնել խորհրդաւոր քօղին մէկ անկիւնը պիտի յաջողի՞մ երբէք սուզուիլ իմ խորքերուս մէջ մինչեւ յատակը եւ դուրս գալ ինքնագիտակից պայծառութեամբ եւ յաղթական։
Հետաքրքրուած եմ ինքս ինձմով։ Ամէն պարագային հաստատ կերպով կարող եմ ըսել. այն ինչ որ մարդիկ պիտի տեսնեն իմ գործերուս մէջ, այդ քօղն իսկ է եւ ոչ թէ, ինչ որ կայ ետեւը այդ քօղին։ Այդ մշուշն իսկ է որ կը խափանէ իմ հոգիս ու զիս ինքզինքիս անծանօթ կը դարձնէ. այդ այն տխրութիւնն իսկ է որ յառաջ կուգայ իմ կարօտէս, իմ բաղձանքէս, իմ անկարողութենէս։
Հաստատ կերպով կարող եմ ըսել նաեւ. ես երաժշտութիւն չեմ յաջողած ընել նկարչութեամբ այլ թերեւս վրձինս անգիտակցաբար հետեւեր է իմ ներքին կշռոյթին. իմ՝ երգերս ու իմ՝ հոգիս համանուագը մնացեր են համր եւ ոչ մէկ շեշտ տակաւին չէ արձակուած անկէ։ Իմ պատկերներս կը համապատասխանեն իմ հոգիիս լռութեան շրջաններուն, երբ կարծես ամբողջ պար մը ոգիներու իմ ներքին աշխարհէս անցած ու գացած է ու ամէն ինչ քարացած է այդ բացակայութեան միջոցին։ Այս այնպիսի օրեր են որ մարդ ինքզինքը կ՚զգայ թափուր եւ կ՚զբաղի այդ պարապը լեցնել յիշողութիւններով։
Իմ պատկերներս ուրեմն, յիշողութեամբ ապրումներու արտացոլումն են ու լռութեան շրջանի ծնունդներ։ Այդ է պատճառը, որ առանց ինձ մեռեալ են անոնք, ե՛ս կուտամ իրենց շունչը, ես կը տաքցնեմ զիրենք ու իմ աչքերս միայն կարող են գնահատել զանոնք, որովհետեւ ես միայն գիտեմ՝ իրենց բովանդակած տխրութեան կամ խաղաղութեան արժէքը։
Ի՞նչ կարող են տեսնել օտար աչքեր այդ բոլորին մէջ. տարտամ յուզում մը, կամ պարզապէս նկարին նիւթին, այսինքն կմախքին առաւել կամ նուազ հաճելիութիւնը։
Բայց այդ տարտամ յուզումն է այն աւելին, այն գերագոյնը, որ արուեստագէտները կը համարեն իրենց մեծագոյն յաջողութիւնը։ Բայց ես կը յաւակնիմ բաղձալ աւելին։ Սքանչելի սպասումի մը խռովքը կայ իմ մէջս, կ՚զգամ որ հոգիս աքսորի մէջ է եւ ակընդէտ կ՚սպասէ իր ազատագրման. ի՞նչ բան եւ ո՞վ պիտի իւղէ իր շղթաները… ամէն ժամու կարելի է յուսալ եւ յուսաբեկուիլ։
Բայց երբ գայ այդ պահը եւ հոգիս ճանչնայ այդ ցնծութիւնը, կուզեմ այն ատեն այդ ճարճատող հրդեհին հրթիռ մը դուրս արձակել, այդ ալեկոծուող փոթորիկէն շատրուան մը յուզմունքի եւ գեղեցկութեան, եւ այդ հրաշալի յայտնութեան ի տես, գիտեմ, որ մարդիկ կարող են գալարուիլ հաճոյքով եւ տանջանքով։
Ամբողջ օրը պատկերներուս առաջ թափառելով, խորհելով, երազելով եւ յուզուելով այնքան տկարացեր էի, որ երեկոյին տենդ ունեցայ. այս տենդը անբաժան ընկերս է, որ թերեւս իմ ուղեղային գրգռութեան հետեւանքն է։ Իմ բարի եւ քաղցր բարեկամներէս մէկը, ծերունի արուեստագէտ մը, յաճախ եւ իրաւամբ կ՚ըսէր ինձ։
Շատ կը մտածես եւ այդ լաւ չէ. յանձնուէ բնազդիդ, լաւագոյն առաջնորդը արտիստին։ Դարձիր միամիտ երեխայի նման եւ վերստին գտիր քու առաջին տարիներու զարմանալու եւ հիանալու հրաշալի յատկութիւնը։ Այն ատեն է որ ճամբուն վրայ գլտորուող աննշան քարը ամբողջ հեքեաթ մը կը դառնայ քեզ համար, աշխարհը կը լեցուի ոգիներով, հրաշքներով եւ սքանչելիքներով եւ դուն կը կարողանաս արտասուել կամ ժպտիլ։ Ու մարդիկ որ իրենց սեպհական աչքերով չեն կարող տեսնել այդ հրաշքները, քեզմով կ՚արտասուեն ու կը ժպտին, եւ ահա այդ է արուեստը։
Յաճախ ես ինքս ըսեր եմ։ Թերեւս այդ է ճշմարտութիւնը. յանձնեմ ինքզինքս իմ բնազդիս, բայց մարդիկ կան որ իրենց մանկութիւնը կորսնցուցած են անդառնալի կերպով, որովհետեւ իրենց էութեան խորհուրդին մէջ ստացած են իրենց ճակատագրին ազդարարութիւնը։ Ի՞նչպէս ժպտիլ եւ քաղցրօրէն արտասուել, երբ շղթայուած հոգիիդ անհամբեր թեւաբախումները կ՚զգաս անտեսանելի սեմի մը վրայ։
Նաեւ պէտք է ըսել, թէ վաղուց է որ ես հրաժարած եմ դիպուածին ընծայուած դիւրին յաջողութենէն։ Ես ոչինչ կ՚ուզեմ պարտիլ կոյր դիպուածին։ Եւ երբ վրձինս առանց առաջնորդուելու իմ յստակ կամքէս, դիպուծով յառաջ բերէ գոյներու ներդաշնակութիւն մը, կամ բարեյաջող ուրուագիծ մը, անմիջապէս կը սրբեմ զայն կտաւիս վրայէն։
Այս տենդը մտածումին տենդն է, բայց նաեւ Պօլսական տենդը, տեսակ մը ֆիզիքական յուզմունք, գարնանային երկոներու հետ անբաժան այնքան խռովիչ բուրմունք կայ մթնոլորդին մէջ եւ խոնաւութիւն ու միանգամայն գաղջ ալիք հարաւային քամիի։ Ու մանաւանդ այն անկայուն, յարափոփոխ ու տենդագին խռովքը, որ կարծես անվերջ մահ է եւ վերածնունդ. լոյսերը կը պլպլան ու կը մարին, աննկատելի մրմունջ մը, տեսակ մը մթնոլորդային սարսուռ օդը կը յուզէ եւ երբեմն անշնչելի կը դարձնէ կարծես երբեմն աննշմարելի թեւաւոր մը կ՚անցնի եւ լոյսերը կը հանգին իր շուքին ներքեւ եւ ծառերուն սօսափիւնը կը լռէ։ Ամէն ինչ կը դառնայ երազ, խռովք կամ մղձաւանջ. մարդիկ կ՚անցնին փողոցներէն գինովներու պէս դեդեւելով։ Ամէն ինչ, բնութեան տեսարան, մարդկային զգացում, քաղաքին սիլուէթը, նոճիներու սլացումները, մուէզինին աղօթքը, ամէն ինչ ոչ միայն իրենց բարձրագոյն գերագրգռութեան կը հասնին, այլ եւ կը խառնուին իրարու հետ։ Ես կը յիշեմ որ շատ փոքր հասակէս այդ բոլորը կ՚զգայի տարտամ կերպով եւ երբ գիշերները անկողնիս վարդով բուրումնաւէտ սաւաններուն մէջ կզկտած, վերմակս կը բարձրացնէի մինչեւ հրատոչոր ճակատս եւ կը սարսռայի, այդ սարսուռները այնքան նման էին այս իրիկուան սարսուռներուն։
Աշխարհիս վրայ ոչ մէկ քաղաքի մէջ թերեւս, գարնան խռովքը չունի այս գերանուրբ եւ հիւանդագին հաղորդականութիւնը մարդոց ներքին էութեան մէջ։
Մայրամուտին, իմ գրասեղանիս առաջ նստած, դիզուած թերթերը կը թղթատէի ու զուարճանալով կը կարդայի իմ մասիս գրուած սնամէջ շողոքորթութիւններ երբ Սեպուհեան եկաւ այցելութեան իմ նախկին ուսուցիչներէս մէկուն, Հրանդ Չէրքէզեանի հետ։
Զիս բարեւելէն անմիջապէս ետքը, Սեպուհեան, գլխու ցնցումով մը ետ մղելով ճակատին վրայ ինկած մազերը, աչքերը յառեց թերթերուն եւ բարձրաձայն ծիծաղեց։
Ա՜յ ձեզ հոսհոսներ։
Հրանդ Չէրքէզեան ծերացեր է, բայց հակառակ իր ալեխառն մօրուքին եւ ճաղատ գլուխին, դէմքը պահած է նախկին ոգեւորեալ արտայայտութիւնը։ Իր չափազանց կարճատես աչքերը իմ վրաս սեւեռեց, կորացած քամակը փորձեց ուղղել եւ ձեռքս պինդ սեղմած ըսաւ գորովանքով։
Էմմա, դուն իմ յոյսերս իրականացուցիր։
Իր խօսքերէն մանկան նման ուրախ եւ գոհ զգացի ինքզինքս, ինչպէս այն ատենները երբ իր նախասիրած աշակերտուհին էի։ Կը յիշեմ որոշակի, թաղային վարժարանի դասարանը, ամառուան սկիզբի շատ տաք առաւօտ մը ստորներով ծածկուած պատուհաններուն ետեւէն անհամար բզէզներ կը բզզան. պարտէզին միակ ծառը, մեծ թմբին, իր բուրումնաւէտ շունչը կը ղրկէ մեզ եւ ուսուցիչը կը կարդայ գրաբար հատուած մը։ Կը յիշեմ թէ ինչպէս իր ընթերցանութեան դասական գեղեցկութիւնը եւ նախադասութեանց յստակ եւ ամուր կառուցուածքը, ձայնին շեշտը, արտասանութեան կշռոյթը երաժշտութեան նման կը յուզէին զիս եւ երեւակայութեանս մէջ կ՚անցնէին արձանային ձեւերու յաջորդութիւն մը։ Քիչ բան կը հասկնայի ընթերցանութենէն եւ բառերէն շատերը անիմանալի կը մնային ինձ։ Բայց աւելի բան մը քան տառական նշանակութիւնը, կարծես մեր նախնեաց ոգին կը կանգնէր դիմացս ու ես շունչս բռնած, կենդրոնացած ոգեւորութեամբ մը անձնատուր կ՚ըլլայի երազիս։
Կարծես խզուած կապ մը պիտի վերահաստատուէր, կարծես հոգիս իր աքսորէն պիտի վերադառնար, ինքզինքը ճանչնալու երջանկութիւնովը պիտի սարսռար եւ անմատչելի երանութեան մը ակընդէտ, յանկարծ կ՚սթափուէի բրտութեամբ։
Սեպուհեան խանգարեց մտքիս սլացումը դէպի անցեալ յիշողութիւնները։
Եկեր ենք ըսաւ, ձեր պատկերները տեսնելու։
Հաճոյքով, պատասխանեցի, բայց վայրկեան մը հանգստացէք։
Երկուքն ալ նստեցան բազմոցին վրայ որ սենեակին ամբողջ ճակատը կը բռնէր եւ աչքերնին դարձնելով բնութեան գեղեցկութեան՝ կը նայէին երկարօրէն, լռին հիացումով։
Դալարագեղ հովիտը կը տարածուի մինչեւ Չամլճաները եւ Գայըշ տաղիի սիրուն կոհակաւորումը որ առաւօտները՝ վարդագոյն, երեկոները մանիշակագոյն մշուշով մը կը զարդարուի, այս ժամուս իր ամենէն յստակ եւ լուսաւոր կապոյտ գոյնը ստացեր է եւ կարծես պարզապէս երկնքի խտացում մըն է։ Անդին ծովը, սքանչելի Մարմարան իր կղզիներով որոնց բարձրութիւնները կը շարունակեն Գայըշ տաղիի կոհակաւորումը։ Ծովուն փալփլուն կուրծքին վրայ անոնց շրջագիծը այնքան լուծուած է արեւմուտի մեղմ լոյսին մէջ, որ այերական եւ երազային գոյութեան մը աննիւթականութիւնը ստացեր են։
Սեպուհեան ընդոստ դէպի ինձ դարձաւ, գլուխը կրթնցուց բարձին եւ սկսաւ խօսիլ։
Է՜հ այսպէս ուրեմն, տիկին, ձեր երկիրը վերադարձաք եւ լաւ ըրիք. այստեղ ունիք գեղեցիկ բնանկարներ, նկարելու շատ բան եւ մեր հասարակութիւնը պէտք ունի թարմ ուժերու։
Խրտչեցաւ այդ խօսքերէն. ի՞նչ կ՚սպասեն ինձմէ… Սեպուհեան կը պատկանի այն մարդոց շարքին որոնք արուեստին մասին կը խօսին առանց երբէք արուեստի մասին խորհած ըլլալու։ Այն ինչ որ մեր ուրախութիւնն է, մեր ցաւը, մեր կրօնքը, մեր մոլեռանդութիւնը, մեր անբուժելի հիւանդութիւնը, միջոց մըն է միայն իրեն նման մարդոց համար, որ արժէք ունի այն ատեն երբ ուղղակի եւ անմիջապէս կը ծառայէ պայքարի մէջ մտած կողմերէն մէկուն կամ միւսին։
Այս բաներուն մտածելով աւելի ուշադիր կը նայեմ Սեպուհեանին. իր զուարթ դէմքը, իր գեղեցիկ աչքերուն պայծառ նայուածքը կարող են ուրիշ բան գուշակել տալ քան թէ այն՝ որ է։ Բայց հայրենասիրական րօմանթիզմը արձակուած քամիի մը նման կ՚անցնի իր ներքին աշխարհէն եւ ամէն ինչ, գաղափար, զգացում, մտածում, մրրիկի ժամանակ օդին մէջ բարձրացած հողմավար տերեւներու ուղեկորոյս խուճապը կ՚ստանան. հակառակ իր հռետորական տաղանդին, ինքն ալ չի գիտեր թէ ինչ կ՚ըսէ եւ իր դիպուածով արտասանած մէկ փայլուն նախադասութիւնը կ՚որոշէ իր մնացեալ ըսելիքը։ Անոր միտքը առագաստները պարզած նաւու մը նման է որ ղեկ չունի. դուրսէն դիտողի մը, արագ եւ գեղեցիկ ընթացքով իր նպատակին դիմելու տպաւորութիւնը կ՚ընէ. բայց ինքն ալ չի գիտեր թէ դէպի որ ափունքը պիտի ժամանէ եւ չի գիտեր նոյն իսկ որ կրնայ նաւաբեկուիլ ժայռերու վրայ։
Այսու ամենայնիւ սովորական կեանքի մէջ հաճելի մարդ է, հաղորդական, բարեացակամ եւ ես կը սիրեմ իր ժպիտը որ իր յատուկ շնորհը ունի. անիկա կը բացուի ինչպէս դիւրին ծաղկող ծաղիկ մը, առաւօտեան առաջին ճառագայթներէն։
Ծերացեր է Հրանդ Չէրքէզեան, բայց այդ առաջին տպաւորութենէն ետքը հետզհետէ կը գտնեն հետքերը այն մարդուն որ այնքան խոր տպաւորութիւն գործած է իմ մանկութեանս վրայ եւ նոյն իսկ աւելի ուշ, երբ իր դժբաղդ կեանքին պատմութիւնը լսեր եմ։ Անիկա կարելի է տգեղ համարել մարդոց հասարակ դատողութեամբ բայց ես կը տեսնեմ անբացատրելի եւ մասնայատուկ գեղեցկութիւն այդ կնճռոտ դէմքին վրայ որ մտածումի կեդրոնացման եւ ուժի արտայայտութիւնը կը կրէ։ Ալեխառն եւ անխնամ մօրուքը կը ծածկէ այտերը եւ իր թանձր շրթները անսահման բարութեան, իմացական բարութեան տպաւորութիւնը կը ներշնչեն. բայց անիկա բարի չէ այն կերպով ինչպէս մարդիկ կ՚ըմբռնեն ընդհանրապէս. անիկա չունի այն դիւրագրգիռ և զգայական բարութիւնը որ հետեւանքն է միայն անմիջական եւ հարեւանցի տպաւորութիւններու կամ ջղային անհանգստութեան մը. երբ նոյն իսկ մարդոց ըսեմ թէ Հրանդ Չէրքէզեան բարի է, կը կարծեն թէ կուզեմ հեգնել։ Անիկա խնամքով կը ծածկէ իր իմաստուն բարութեան գերագոյն եւ տանջալի զգացումը որուն ամօթխածութիւնը ունի իր հոգին եւ զայն աւելի լաւ ծածկելու համար է թերեւս որ երբեմն կը դառնայ խիստ աններողամիտ։
Իր սեւ աչքերը ծածկուած ակնոցներուն ներքեւ կարող էին գեղեցիկ համարուիլ, իր չէչոտ քիթը, իր լայն ճակատը, իր ճաղատ գլուխը կը լրացնեն իր դէմքին ինքնատիպ պատկերը, որուն ամբողջութեան վրայ միշտ տեսած եմ տեսակ մը յանկուցիչ շունչ, բարձր մտաւորականի մտախոհութիւն եւ այդ իսկ է որ մշտատեւ երիտասարդութիւն կը շնորհէ իրեն։ Քիչ կորաքամակ է բայց այդ ալ կարծես հետեւանքն է իր մտախոհութեան. ատիկա ինքն իր վրայ ամփոփուելու ճիգ մըն է ու նաեւ իր ուսերը կը կրեն ինքզինքին պարտադրած խիստ սկզբունքներուն ճնշիչ բեռը։
Այդ մարդը ոչ միայն անհանգիստ է իր առաքինութիւններով այլ եւ ուրիշները անհանգիստ կ՚ընէ. որովհետեւ մեր ժամանակներու մէջ, մարդիկ տեղաւորուած հանգստաւէտ եւ իրենց չափին համեմատ կերտուած երկբայական բարոյականի մը մէջ, թշնամի կը նկատեն անոնք որ իրենց պահանջկոտ հոգիին վրդովմունքը կը կրեն։ Հրանդ Չէրքէզեանի հաճոյակատարութեան պակասը անհանդուրժելի է շատ շատերուն։ Անիկա գրեթէ երբէք չի ժպտիր ոչ թէ որովհետեւ իր հոգին զուրկ է ուրախութենէ այլ որովհետեւ ամէն ինչ շատ խոր թաղուած է իր մէջ. ամէն ինչ կ՚անցնի այդ խիստ եւ աններող դիմակին ներքեւ եւ իր հոգեկան շարժումները մինչեւ մակերեսը չեն բարձրանար։ Զինքը ճանչնալու եւ սիրելու համար պէտք է թափանցել իր ամրափակ ներքին կեանքին եւ այդ ընելու համար պէտք է իր սրտին ճանբան գտնել։ Ասիկա ջանք մըն է որ անշուշտ ամուլ չի մնար եւ ես միշտ հետաքրքրութիւնը ունեցած եմ այդ յայտնութեան։ Շատ անգամներ խորհած եմ իր պատկերը նկարել. այդ տգեղութեան երեւոյթէն եւ այդ տգեղութեան իսկ շնորհիւ կարելի է գծել իր հոգեկան գեղեցկութիւնը եւ անոր լոյսովը ողողել իր պատկերը։
Այն միջոցին որ Սեպուհեան եւ Չէրքէզեան սրահ պիտի մտնէին պատկերներս տեսնելու, խումբ մը ուրիշ ծանօթներ եկան այցելութեան եւ անմիջապէս խօսքը դարձաւ հակայեղափոխական շարժումին։ Կիլիկիոյ կոտորածներուն, եւ թրքահայ նոր դաշնագրութեան մը ծրագրին վրայ։ Խօսակցութիւնը շուտով վէճի փոխուեցաւ եւ բուռն կարծիքներու շնորհիւ, աղմկալի վիճաբանութիւնը սանձարձակ դարձուց ամէն մէկը։
Ի՜նչ պատկեր, ի՜նչ արուեստ այս դժոխքին մէջ. մութը պատեց աշխարհը ու հիւրերս մեկնեցան մինչեւ դրան սեմին վրայ վիճելով եւ կատարելապէս մոռցած թէ ինչո՞ւ համար եկած էին ինձ այցելութեան։
Դժուար է երբ կիրքերը այսքան բորբոքուած են, երբ քաղաքական բնույթ ունեցող հարցերը անմիջական եւ վճռական նշանակութիւն են ստացեր, երբ մարդիկ օրը օրին կապրին առանց ետ նայելու եւ առանց իրենց միտքը սեւեռելու ապագայի հորիզոններուն, դժուար է ոչ միայն մարդիկը զբաղեցնել արուեստով այլ նոյն իսկ ամփոփուիլ եւ անխառն հաճոյքով անձնատուր ըլլալ մեր երազին։ Երբ կը հանդիպիմ գրողներու, բանաստեղծներու, երաժիշտներու որոնք ամէն մէկը գործօն կերպով մասնակից են այն միջոցին հանրային վէճերու, որոնք նոյն իսկ իրենց համբաւը եւ իրենց անուան հեղինակութիւնը ի սպաս կը դնեն այս կամ այն կողմին, ինձ կը թուի որ իրենց դերէն դուրս եկած են կամ ես անօգուտ անձնաւորութիւն եմ իրենց մէջ, զարտուղութիւն մը անխուսափելի եւ ընդհանուր մտայնութենէն որը պէտք է կրել եւ որուն անսահմանօրէն պէտք է համբերել։ Ինձ կը թուի նաեւ որ հակառակ ամէն անմիջական մտահոգութիւններու ամէն մարդու հոգւոյն մէջ անկիւններ կան ուր միշտ կարող են ապաստանիլ, անկոխ եւ անկեղծ տաճարներ որ ամէն մէկը ինքզինքին համար կը կառուցանէ եւ վայ անոնց միայն, որոնց հոգիները թափուր են։
Արտաքին աշխարհի աղմուկը, ցաւի կամ ուրախութեան աղաղակները անշուշտ թէ կը խանգարեն մեզ, կը խուժեն դէպի մեր ներքին էութիւնը բայց կարող են արդեօք մարել այն լուսաւոր ժպիտը որ ծագեցաւ դէմքիս վրայ երբ երեկոյին շոգենաւով վերադարձիս, տեսայ հրաշալի վերջալոյսը։ Ի՞նչ երանգաւորում եւ ինչ փառայեղ պերճանք լոյսի եւ գոյնի. հետզհետէ մանիշակագոյն մթնոլորտին մէջ Սթամպօլի սիլուէթը խտացաւ, դարձաւ մթին, մինչ ոսկի երիզ մը կը հետեւէր գմբէթներու եւ մինարէներու արտաքին գծին. ոսկի եւ սեւ գիծեր միայն ու բոլոր երանգները մարեցան եւ ծովն իսկ ստացաւ մթին մակերես մը, որուն կոհակներուն գագաթները կը պսպղային ոսկեղէն ցոլքերով։
Յաճախ կը լսեմ յիմար խօսքը. Որքան բաներ ունիք նկարելու կրնամ ըսել թէ իմ կրած տպաւորութիւններս այնքան ուժգին են որ բան մը չեմ կրնար նկարել այժմ. այդ բաբախուն եւ անվերջ գեղեցկութեան առաջ խելայեղ մանուկ մը դարձած եմ եւ կարծես կորսնցուցած եմ արուեստի ամենէն տարրական միջոցները։ Պէտք է սպասել եւ տոգորուիլ այդ գեղեցկութիւնով եւ այն բոլոր յուզումներով որ մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքը կ՚ընծայէ։ Պէտք է սպասել որ հոգին բեղմնաւորուի եւ իր անբռնաբարելի խորհուրդին մէջ պատրաստէ գործը որ պիտի ծնի օր մը։ Վաղաժամ արտադրութիւնը, անհամբերութիւնը, եւ առաջին տպաւորութիւններու անհամբերութիւնն է միայն որ թոյլ կուտայ ինձ յուսալու որ օր մը պիտի յաջողիմ վերջապէս իմ հոգոյս մէջ կերտուած անանցանելի գեղեցկութիւնը սեւեռել կտաւին վրայ։
Պէտք չէ նաեւ յաջող ժամը փախցնել. կը մրմնջէ մտածումս։
Այդ իսկ է ամբողջ գաղտնիքը. պէտք չէ շտապել, պէտք չէ նաեւ շատ ուշանալ եւ կորզել ժամանակի անգոյն յաջորդութեան մէջ այն ժամը, ստեղծագործութեան ժամը, որ մեր բախտը եւ փառքը կը բովանդակէ իր մէջ։
Անսպասելի կերպով ծանօթացայ տիկին Սիրանուշ Դանիէլեանի հետ։ Իմ մասին շատ լսած էի եւ իր բանաստեղծութեանց հատորը սնարի գիրք մը եղած էր ինձ համար։ Իր լաւ հաստատուած գրական համբաւը, իր բարեկամներուն եւ ծանօթներուն խանդավառ եւ ջերմագին համակրանքը իր անձին վերաբերմամբ, զինքը կը դարձնեն Կ. Պոլսոյ ամենէն ազդեցիկ կիներէն մէկը։ Շատ բան չէ գրած եւ իր ոտանաւորները հազուադէպ կերպով կ՚երեւան, բայց ամէն անգամուան անոնք մասնաւոր եւ շատ անձնական շեշտ մը կը յայտնաբերեն։
Անտարակուսելի է որ շատ աւելի բան կայ իր մէջ քան արտայայտած է, նոյն իսկ թերեւս տարբեր եւ անծանօթ մնացած երգեր կան իր մէջ որ երբէք չի պիտի երգէ եւ անոնք պիտի մնան քօղարկուած իր լռութիւնով։
Յաճախ, հեռուէն մտածեր եմ իմ վրայ եւ հետաքրքիր մնացած եմ իրմով բայց եւ այնպէս միշտ զգուշացեր եմ իր մասին ոեւ է տեղեկութիւն եւ կարծիք հարցնել այն վախով որ մտքիս մէջ կազմած ֆիզիքական եւ բարոյական պատկերը կ՚աղարտի ոեւ է կերպով։
Առաջին անգամ իր անունը լսեցի Հրանդ Չէրքէզեանէ եւ իմ վրաս խոր տպաւորութիւն ըրաւ ուսուցչիս յուզուած համարումը այդ բանաստեղծուհիին նկատմամբ որ այն ատեն, նոր աստղի մը պէս կը փայլէր մեր գրական միգամածին մէջ։ Աւելի ուշ երբ վստահ Չէրքէզեանի կարծիքին, ուզեցի խօսիլ տիկին Դանիէլեանի հատորին վրայ, անիկա ինձ ընդհատեց գրեթէ կոպտութեամբ ինքը աւելի կ՚արժէ քան իր հատորը։
Ինչու Չէրքէզեանի այդ առաջին ոգեւորութիւնը եւ վերջին դժկամակութիւնը, ինչո՞վ էր յուսախաբ։ Այն ատեն ինձ անկարելի էր հասկնալ, բայց ես յետոյ ըմբռնեցի Չէրքէզեանը։ Քանի անգամներ, անձնական հետապնդումներէ յոգնած դէպի խուսափուկ եւ անմատչելի նպատակը, ոգիս ամոքուած է հաւատքով ուրիշ եւ նոր տաղանդի մը առթած թարմ ոգեւորութիւնովը։ Ինչ որ ինձ համար եւ ինձ նման հազար հազարներու համար անկարելի եղած է։ Կրնայ կարելի դառնալ մէկու մը համար եւ յայտնուող տաղանդ մը միշտ մոգական գաւազան մը ունի ձեռքը։ Հրաշքի մը սպասելու իրաւունքը կը շնորհէ մեզ։
Չէրքէզեան իր գեղարուեստական նպատակներէն մէկուն իրագործման հնարաւորութիւնը տեսած էր անշուշտ տիկին Դանիէլեանի գեղեցիկ սկզբնաւորութեան մէջ։ Այդ է իր յուսախաբութեան պատճառը։
Կեցած էինք Չէրքէզեանի հետ Սկիւտարի նաւամատոյցը երբ ուսուցիչս ականջիս փսփսաց։
Տիկին Դանիէլեանը։
Միջահասակ, նիհար, կիսադէմքը ստուերով քօղարկուած լայնեզր եւ պարզ գլխարկին շուքին մէջ, քանի մը քայլ անդին մեզ նման կ՚սպասէր կառքի։
Քանի՞ տարեկան է այդ տիկին Դանիէլեանը…
Անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր լսած էի իր անունը եւ այժմ զարմացած կը նայէի երիտասարդական երեւոյթով այդ կնոջ երբ Չէրքէզեան մօտիկցաւ իրեն։
Ժպտուն եւ հանդարտ աչքեր յանկարծ դէպի ինձ դարձան եւ մասնաւոր հետաքրքրութեամբ մը զիս դիտեցին։
Գրեթէ անմիջապէս յառաջանալով դէպի ինձ Չէրքէզեան ներկայացուց
Տիկին Էմմա, յայտնի նկարչուհին։
Տիկին Դանիէլեանի դէմքը գորովագին լրջութիւն մը ստացաւ, ձեռքը երկնցուց ինձ եւ ես մեծ հաճոյքով սեղմեցի, ինչպէս հին բարեկամի մը ձեռքը։
Երբ վերջապէս կառքի մը մէջ տեղաւորուած սկսանք բարձրանալ զառիվերէն մեր նայուածքները կրկին իրարու հանդիպեցան։ Աւելի ներզօր զգացումով մը դիտեցի զինքը։ Արդէն ուրիշ կերպարանք կը տեսնէի եւ բանաստեղծուհիին բարոյական դիմագիծը աւելի ճիշդ եւ յստակ գիծերով կը յայտնուէր։ Քանի մը ճերմակ թելեր կը զարդարեն իր թխագոյն մազերը ողորկ ճակատին վրայ. չէ կարելի ըսել թէ ֆիզիքական երիտասարդութիւնը պահած է բայց իր դէմքը կը կրէ արտայայտութիւնը իր ժպիտին ու նայուածքի կայծկլտումներուն եւ գիծերը կ՚ողողուին եռանդի եւ ոգեւորութեան թարմութեամբ։ Կարելի չէ ըսել որ գեղեցիկ է, կարելի չէ ըսել որ տգեղ է, որովհետեւ նոյն իսկ իր դիմագծութեան անկանոնութիւնը մասնաւոր շնորհալիութեան մը կը վերածուի իր ժպիտով եւ նայուածքին անսովոր փայլով, եւ այդ բոլորը յառաջ կը բերեն վերին աստիճանի հաղորդական յուզմունք։ Բայց այդ յուզմունքը խաղաղ է իր մէջ ինչպէս հոգեկան յարատեւ վիճակ, եւ անմիջապէս որ լսեցի իր դաշն, հանդարտ եւ կշռոյթաւոր ձայնը, այլ եւս ամբողջովին կրեցի այդ տիրական անդորրութեան զգացումը։
Քիչ խօսեցանք ճանբան, խանգարուած կառքին ցնցումներէն եւ անցորդներու հետաքրքրութենէն։
Լսեր եմ ձեր մասին եւ ձեր յաջողութիւնները արտասահմանի մէջ ինձ ուրախացուցեր են, կ՚ուզեմ գալ ձեր պատկերները տեսնել։
Օ՜հ տիկին… պատասխանեցի, չէի համարձակեր ձեզ հրաւիրել։
Ինչո՞ւ… բացականչեց զարմացած եւ իր ժպտուն աչքերը գրեթէ հեգնութեամբ կայծկլտուն, պահ մը սեւեռեց Չէրքէզեանի որ կը յամառէր բացարձակ լռութիւն պահել։
Յետոյ լրջութեամբ աւելցուց։
Այնքան քիչ մարդ կայ այս քաղաքին մէջ որ կարենան իրար հասկնալ… յոյս ունիմ որ լաւ բարեկամներ կը դառնանք։
Շատ բան կ՚ուզէի պատասխանել բայց չեմ գիտեր ինչ թոթովեցի, սիրտս զեղուն էր երախտապարտութեամբ։
Գիտէ՞ք այդպէս է… շարունակեց, մենք կարծես աքսորեալներ ենք օտար եւ հեռաւոր երկրի մը մէջ։ Մենք մեր ծննդավայրին մէջ աքսորեալներ ենք որովհետեւ զրկուած ենք այն մթնոլորդէն որ մեր ժողովուրդը իր հաւաքական կեանքով պիտի ստեղծեր մեր շուրջը… դիւրաբեկ եւ ցանցառ թելերով միայն կապուած ենք մեր բնաշխարհին հետ…
Պահ մը մտածկոտ մնաց Չէրքէզեանի խոժոռ դէմքին նայելով, բայց կարծես սթափեցաւ եւ շարունակեց։
Բայց գոնէ մենք, արուեստագէտներս կրնանք աքսորի ընկերներ դառնալ։
Այս վերջին խօսքերը ըսաւ առանց թախիծի, կարծես առաջուց համակերպած այդպիսի վիճակի մը տխրութիւններուն։
Խառնաշփոթ կերպով մտածումներու եւ զգացումներու յուզում մը բարձրացաւ իմ մէջս. հազար բան կ՚ուզէի ըսել. բայց ձայնս խեղդուեցաւ կոկորդիս մէջ. ոչ, ես չեմ համակերպած այդ տխրութեան եւ իմ դէմքիս վրայ երբէք չի պիտի երեւայ Չէրքէզեանի մռայլ մտասեւեռումի մը վրայ կանգ առած մարդու յուսահատութիւնը եւ ոչ ալ տիկին Դանիէլեանի իմաստուն անդորութիւնը։ Ես պիտի մերժեմ նաեւ երկբայական ուրախութիւնը այն զգացումներուն որոնք երիտասարդ կնոջ մը դէմքը կը զարդարեն անփոյթ ժպիտով։ Ես պիտի հետապնդեմ իմ երազս ամէն ճանապարհներու վրայ եւ հոգիս պիտի ստանայ իր ազատութիւնը։ Կ՚ուզեմ իմ յոյսս եւ հաւատքս ներշնչել ամենուն, առատաձեռն սերմանել ամենուրեք, կ՚ուզեմ ըսել ոչ թէ աքսորի ընկերներ, այլ դառնանք պայքարի ընկերներ ու միասին փնտռենք ներշնչման մաքուր եւ հարազատ աղբիւրները, բայց իմ ոգեւորուած նայուածքս կ՚իյնայ տիկին Դանիէլեանի հեգնական դէմքին վրայ։ Այնքա՜ն ամէն բանէ հրաժարած մէկու մը երեւոյթը ունի վերջալուսային կարմիր մթնոլորդին մէջ։ Իր նուրբ կիսադէմքը ստացեր է տարօրինակ թափանցիկութիւն եւ իր աչքերուն յստակ լոյսը կարծես կը բացուի անյատակ վիհի մը վրայ։
Ու ես ինքզինքս այնքան տարբեր պիտի համարէի իրմէն, տարբեր խառնուածք, տարբեր նկարագիր, տարբեր ճաշակ, յանկարծ զգացի ոչ միայն նման իրեն, այլ, նոյն, ինչպէս երկու քոյր հոգիներ, աքսորի ընկերներ։
Այդ է թերեւս պատճառներուն պատճառը։ Ամէն մէկս մենակ ենք եւ լաւագոյն պարագային ասուպի մը պէս կ՚անցնենք օտար երկնակամարներուն վրայէն. ինչքան ալ փայլուն եւ շողշողուն ըլլայ մեր թողած լուսաւոր հետքը, անիկա դատապարտուած է անօսրանալու եւ կորսուելու։ Մեր առանձին ձայնը համերգի մը ներդաշնակութեան չի պիտի խառնուի երբէք։ Մենք մեր կողերը դատարկ կը զգանք եւ այդ է անշուշտ պատճառը, որ մեր հոգին շղթայուած է մեր անձնական ցաւին եւ ուրախութեան մէջ։ Ամէն անգամ որ անիկա անհանգիստ իր գերութենէն, ուզէ թափահարել. իր թռիչքը կը խորտակուի մեր յատուկ կեանքը սահմանափակող պարիսպներէն։ Հաւաքական կեանքի ալեկոծ ծովը եւ ազատ հորիզոնը միայն պիտի շնորհէր մեզ ստեղծագործութեան զօրեղ շունչը։ Մինչ մենք մեր վրայ խտացած, ստիպուած ենք բիւրեղանալ, խզուած անցեալէն եւ արգելափակուած՝ ապագայէն։
Երեկոյթ Վառվառեաններու տունը։ Ընդարձակ հիւրասենեակին պատուհանները կը բացուին պարտէզին վրայ որուն շքեղ զարդերը կը կազմեն զոյգ մը դարաւոր մայրիներ, անոնց հովանոցաձեւ եւ ծաւալող ճիւղերը կը փակեն գրեթէ հորիզոնը։ Աւելի հեռուն ուրիշ պարտէզներ կան եւ արտեր վայրի ծաղիկներով լիքը։ Երեկոյեան այս ժամուն երբ մայրիներու խիտ եւ մթին սիլուէթին ետեւ հրդեհուած երկնակամարը կը տժգունի, հետզհետէ զգլխիչ բուրում մը վայրի ծաղիկներու եւ արեւէն այրած հողի, կուգայ մինչեւ մեզ ու կարծես մեզ կը տոգորէ բնութեան յոյզով։
Օրիորդ Սօֆի Վառվառեան ճնշուած է անձկալի եւ անդարմանելի տխրութիւնով։ Ո՞վ կարող էր երեւակայել։ Իր հեգնութեամբ լի սրամտութիւնները, իր տենդագին զուարթութիւնը կարծել կուտան առհասարակ որ տխրութեան ստուերը երբէք չէ անցած իր հոգիին մէջէն։ Շրջապատուած եւ սիրուած իր զմայլելի գեղեցկութեան շնորհիւ որ փառքի մը պէս կը կրէ իր հպարտ դէմքին վրայ, անիկա կարող էր երջանիկ համարուել եւ հասած իր բոլոր նպատակներուն։
Բայց այս իրիկուն ահա, կը յայտնուի ինձ իր բուն կերպարանքը, նկարչի վերլուծող աչքերով կը նայիմ իրեն. իր թաւ եւ անթերի գիծով մը կամարացող յօնքերն են որ կու տան այդ խրոխտ արտայայտութիւնը իր դողար եւ նիհար դէմքին որ կարծես մեղմօրէն մաշուած է ներքին եւ սաստիկ զգացումներու ազդեցութեամբ։ Բայց ինչ որ կը տիրապետէ իր դէմքին, իր ամբողջ անձին, իր զոյգ մը անսովոր գեղեցկութեամբ աչքերն են, իմացականութեամբ լեցուն։
Խորհեր ես երբէք, Էմմա, որ օրերուն մէջ օր մը կայ, անծանօթ թուական մը, ժամ մը, երբ անզգայ ու տժգոյն մեզ պիտի դնեն դագաղի մը մէջ, ձեռքերնիս ծալլած կուրծքերնուս վրայ ու պատանքնիս ծածկուած ծաղիկներով։ Ծաղիկներով… Էմմա՛, որպէս զի մեզ շրջապատող առաւել կամ նուազ անտարբեր մարդիկ չզգան մեր կազմալուծման արտաշնչութիւնները։
Խորհեր եմ Սօֆի եւ յաճախ. բայց միանգամայն կը մտածեմ. դժուար է կեանքի, լոյսի եւ յոյսերու շողշողումին մէջ մտածել մահուան մասին. անիկա անհաւատալի է այժմ եւ հետեւաբար անիրական, բայց երբ հետզհետէ մարին լոյսերը, երբ մեր ախորժակները ու փափաքները մեղմանան, երբ սկսինք ծերանալ…
Մի խօսիր ծերութեան մասին, կը նախընտրեմ մեռնիլ իմ երիտասարդութեանս ու գեղեցկութեանս լրումին մէջ. կ՚ուզեմ որ իմ յիշատակս մնայ անեղծ, որ իմ կերպարանքս անհետանայ այս աշխարհիս վրայէն առանց խեղաթիւրուելու, այնպէս ինչպէս եմ այժմ…
Պա՜հ… մահուընէ ամիս մը ետքը, ինչքան ալ երիտասարդ ըլլանք ու գեղեցիկ, հաւասար ենք հարիւր տարիէ ի վեր մեռած մարդոց…
Աւելի խտացած՝ հեռաւոր դաշտերու բուրմունքը եկաւ մեզի հարաւային քամիի գաղջ ալիքը անցաւ եւ մայրիները երկարօրէն սօսափեցին. հորիզոնը կը մարէր իր վերջին երանգին մէջ. երկնակամարին վրայ ամպերու ճերմակ ծուէններ կ՚անցնէին արագ, արագ, կարծես դիմելով դէպի նպատակ մը։ Աւելի զօրաւոր, մօտակայ պարտէզէն մեզ եկաւ կլիսիններու բուրումը, ծաւալեցաւ, տիրապետեց մթնոլորդին ու կարծես իր հետզհետէ խիտ ալիքներով մեզ կը խօսէր անսահմանելի, անարտայայտելի բանի մը մասին որը սակայն կ՚ըմբռնէինք ներքին զգայնութիւնով մը։
Շուտով փակեցինք պատուհանները, սարսռալով մայիսեան երեկոյին զովութենէն եւ թերեւս այն խռովքէն որ մեր տարօրինակ խօսակցութիւնը գրեր էր մեր հոգիներուն մէջ։
Անմիջապէս որ կապերտէ վարագոյրները իջան եւ լոյսը վառուեցաւ, սեւ մտածումները անհետացան եւ սկսանք մտերմաբար խօսակցիլ, խոր եւ հանգստաւէտ թիկնաթոռներու մէջ ընկողմանած, անձնատուր գաղջ եւ կնդրուկի հոտով տոգորուած մթնոլորդին, անօրինակ հանգիստ եւ ապահովութիւն կը զգայինք բոլոր չարիքներու դէմ եւ մեր մտածումները ժպտուն եւ խիզախ, կը ծաղկէին երբեմն արտասովոր, երբեմն նոյն իսկ այլանդակ, ջերմանոցի մէջ ծաղկած ծաղիկներու նման։
Ընթրիքը անցաւ ոգեւորութեամբ, երբ կրկին սրահ կը մտնէինք հարցուցի Սօֆիին։
Տիկին Դանիէլեա՞նը։
Շատ խնդրեցի որ գայ… յոյս ունիմ, բայց բացարձակ չի խոստացաւ. զարմանալի կին է։
Հետաքրքրական կին է։
Չեմ գիտեր ինչ, բայց մութ բան մը կայ իր կեանքին մէջ. բան մը որ ամենուն համար անթափանցելի է։
Բանբասանքը արգիլուած է, ընդհատեցի ժպտելով։
Երթանք իմ սենեակս, ըսաւ Սօֆի, որ հագուստը պիտի փոխէր։
Մութ կապոյտ թաւշեայ շրջազգեստը հագնելով, Սօֆի դարձեալ խօսեցաւ տիկին Դանիէլեանի մասին։
Իմ վրաս մեծ տպաւորութիւն ըրաւ իր հանդարտութիւնը, ըսի։ Տարօրինակ հանգստացնող բան կայ իր խաղաղ ժպիտին մէջ։
Կը կարծե՞ս որ այնքան ալ խաղաղ է. արդեօք դիմակ մը չէ՞ ատիկա ինձ կը թուի որ մեծ, մեծ անսահման տխրութիւն կայ իր մէջ… բայց ինչո՞ւ ահա այդ ինչուն է որ անբացատրելի է։
Մեծադիր հայելիին առաջ՝ Սօֆի իր մազերուն խիտ հիւսքերը պսակի նման կը յարդարէր գլխուն շուրջ եւ պահ մը լուռ հետեւեցաւ իր արդուզարդին. յետոյ հակելով դէպ ինձ։
Գիտե՞ս…
Բայց ահա դռան զանգակը լսուեցաւ եւ ուշադրութեամբ ականջ դրինք գուշակելու համար թէ ո՞վ է եւ շտապեցինք երթալ հիւրասրահ։
Ժամը յառաջացած էր երբ տիկին Դանիէլեան երեւցաւ. հիւրասենեակին մէջ առանձին խումբեր կազմած հիւրերը կը վիճաբանէին ջերմօրէն զանազան խնդիրներու մասին։ Ես ինքս բուռն վէճի բռնուած երիտասարդ գրողներու հետ կը ջանայի ցրուել անկեղծ ու երբեմն երեւութական սկեպտիկութիւնը որ այդ ժամանակէն առաջ հասունցած երիտասարդութիւնը պարտական կը համարէր ցուցադրել։ Ամէն մէկը կարծես քէնոտած անկարելի բաղձանքներու դէմ՝ կ՚ուզէին փառաւորուիլ իրենց անկարողութիւնով եւ ջանալ ստեղծել այն փղոսկրէ աշտարակը որը ես բանտ կը համարեմ իմ բաբախուն եւ անյագ մտածումիս համար։
Վիճաբանութիւնը ընդհատեցի եւ իմ ուշադրութիւնս ակամայ կեդրոնացաւ տիկին Դանիէլեանի վրայ։ Սեւ շղարշէ պարզ հագուստ մը հագած, մազերը ամփոփած գլխուն ետեւ անիկա կը յառաջանար բարեւելով. դէմքը ժպտուն եւ գոհունակ։ Վարդի ծաւալող եւ թափանցող բուրմունք մը հետք կը մնար իր անցած տեղէն եւ իր ամէն մէկ քայլին բուրումի աւելի ուժգին ալիք մը կը բարձրանար տարածուելով։
Իր ետեւէն խօսելով մտան Հրանդ Չէրքէզեան եւ տարէց պարոն մը։ Կարծես փողոցի մէջ կը քալէին անուշադիր ամենուն բայց երբ օրիորդ Վառվառեան ընդ առաջ գնաց, Չէրքէզեան սթափածի նման գլուխը բարձրացուց եւ իր աչքերը երկարօրէն եւ հիացումով ժպտեցան Սօֆիի գեղեցկութեան։
Տիկին Դանիէլեան ինձ մօտ եկաւ եւ բարեւելէ յետոյ կանգ առաւ եւ ըսաւ։
Ձեր ցուցահանդէսին համար կարգադրիչ յանձնախումբը կազմուեցաւ. նախագահն է Վահան Տիրան պէյ. շատ լաւ ընտրութիւն։
Խօսակցութիւնը անմիջապէս կեդրոնացաւ իմ եւ պատկերներուս վրայ։
Այտերս կ՚այրէին տենդով եւ սրտիս մէջ տարօրինակ յուզմունք կար։ Քանի քայլ առ քայլ կը մօտենանք այն օրուան երբ իմ գործս դէմ առ դէմ պիտի գայ հասարակութեան հետ, անբացատրելի յուզում մը, գրեթէ երկիրներու մէջ ուր սակայն շատ աւելի դժուարահաճ եւ գիտակից մարդոց նայուածքը կ՚անցնի ցուցադրուած պատկերներու վրայէն։ Այնտեղ պարզ հետաքրքրութեան մը արժանանալը յաղթանակ մըն է, բայց այստեղ արդէն իսկ խնդիրը ուրիշ բան է. պիտի կարենա՞մ արդեօք դուրս գալ իմ հոգեկան առանձնութենէս եւ վերստին կապել խզուած կապերէն մէկ քանին։ Սրահը, ծաղիկները, Սօֆիին շնորհադէմքը, մարդոց գլուխները, տիկին Դանիէլեանի ժպիտը, ամէն ինչ իրար կը խառնուին, կը դառնան շուրջս, կարծես շփոթ երազի մը մէջ։ Հոգոյս խորքերէն յուզմունքի անծանօթ ալիք մը կը բարձրանայ եւ մտածումս կը տարուբերէ։ Յաջողութեան յոյսն է, թէ ուրիշ եւ անծանօթ բանի մը նախազգացումը։ Չեմ գիտեր։ Վերածնող եւ վերածաղկող հայ հասարակութեան մէջ կարող եմ մէկ օրէն միւսը առաջնակարգ դէմքերէն մէկը դառնալ… կարծես դարերէ ի վեր բռնութեան եւ ստրկութեան ճնշումին տակ հեծող ժողովուրդին ազատագրումի ճիչերէն մէկն է որ պէտք է արձակեմ, ուժովը իմ սեպհական տաղանդիս, իմ ներքին եւ առանձին զօրութեամբս։ Ու այդ զգացումը այնպիսի տարերային ուժով մը զիս կը վերացնէ որ բոլոր հաճոյքները եւ տխրութիւնները, կնոջ յատուկ փառասիրութիւնները եւ յուսաբեկութիւնները կը թուին ափ մը մոխիր, դէպի երկնակամարը սլացող բոցի մը շքեղութեան քով։
Իմ արուեստագէտի հպարտութիւնս ամենազօր է այդ միջոցին եւ անտարբերութեամբ կը դիտեմ թէ ինչպէս մարդոց հիացիկ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է իմ վրաս։
Ես եմ այլեւս կեդրոնական անձը. Սօֆիին գեղեցկութիւնը, տիկին Դանիէլեանի հրապոյրը անտեսուած են այդ րոպէին եւ բոլորն ալ շուրջս խմբուած կարծես ակընկալու են իմ ակնարկիս ու ժպիտիս։ Ինչպէս եթէ նոր յայտնուած ըլլայի, նայուածքները կը ծանրաբեռնուին զանազան զգացումներով. կզգամ որ իմ ամէն մէկ շարժումիս կը համապատասխանէ իրենց հոգեկան յուզումը։ Արուեստը զիս կը զարդարէ ու լուսապսակ մը կը դնէ իմ շուրջս ու այլ եւս կարծես մէկ քայլս պիտի առնեմ փառքի ճանբուն վրայ։
Կը շարունակեն խօսիլ կարգադրիչ յանձնախումբի մասին։ Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ալիանս ֆրանսէզի սրահներուն մէջ։ Կը խօսին նաեւ յանձնախումբի նախագահի մասին։ Վահան Տիրան պէյ ամադէօր մըն է, նուրբ ճաշակի եւ բարձր դաստիարակութեան տէր, թոռը յայտնի պետական անձնաւորութեան, անիկա կը պատկանի կաթոլիկ ընտանիքի մը որ աւանդութիւնը ունի պաշտպան հանդիսանալ ազգային արուեստի բոլոր արտայայտութիւններուն։
Յանկարծ չեմ գիտեր ինչպէս ուշադրութիւնը կը խզուի եւ նոր խօսակցութիւններ կը խմբեն մարդիկը։ Տիկին Դանիէլեան պահ մը խառնուելէ յետոյ վիճաբանութեան մը նոր հրատարակուած բանաստեղծութեանց հատորի մը մասին, կը մեկուսանայ եւ ես ուշադրութեամբ կը հետեւիմ իրեն։ Այս պահուս գլուխը թեթեւ մը հակած մէկ ուսին, կը նայի ժպտելով ու աչքերը իրենց շատ պայծառ նայուածքով, գորովագին եւ սիրազեղ, կարծես խոնաւ կը դառնան հետզհետէ։ Իր քունքերուն նրբին փափկութիւնը ոչ մէկ կնճիռ ունի տակաւին, բայց տարիքին ազդեցութիւնը զգալի է ընդհանուր յոգնութեան արտայայտութիւնով որ շատ փափուկ եւ շատ նրբին դիւրաբեկութեան տպաւորութիւն մը կ՚ընէ։ Դանդաղ քայլերով Չէրքէզեան մօտեցաւ անոր թիկնաթոռի յենակին եւ սկսան առանձին քանի մը խօսք փոխանակել։
Հետզհետէ տիկին Դանիէլեանի ձայնը իր կողմ հրաւիրեց ուշադրութիւնները, առանձին խօսակցութիւնները դադրեցան։ Դարձեալ խօսքը եկաւ յանգեցաւ նոր հրատարակուած բանաստեղծութեան հատորին վրայ։ Տիկին Դանիէլեան երկար խօսեցաւ իր մտածումը ընդլայնելով։ Զինքը կը դիտէի մեծ ուշադրութեամբ։ Անիկա կարծես կերպարանափոխ եղած էր. այս ոչ այն կինն էր, որ տեսայ նաւամատոյցը, ոչ այն կինը որ մտաւ սրահ այս իրիկուն եւ որ կարծես իր սեւ հագուստին մէջ կը սարսռար յուզումով։ Այժմ հաստատ եւ հաւասարակշիռ իմացականութիւն մըն էր որ հեզասահ եւ դիւրին իր միտքը կը պարզէր, մեկնելով հաստատ հիմունքներէ եւ հասնելով տրամաբանական եզրակացութիւններու։ Իր ձայնը յստակ, յուզումնալի, հաճելի էր լսել եթէ նոյն իսկ մտքին չի հետեւէինք։ Լուսամփոփին վարդագոյն լոյսին մէջ ճակատը աւելի պարզ էր ու լուսաւոր եւ կարծես մազերուն ճերմակ թելերը իմաստ մը կստանային։
Անգամ մը եւս խորհեցայ։ Ի՜նչ շռայլութիւն եւ պերճանք ամուլ մնացած։ Այն բոլորը որ կայ արդէն այն բոլոր սերմերը որ պիտի ծաղկին, կարող են զարդարել դժուարահաճ ժողովուրդի մը գեղարուեստական կեանքը։ Բայց այդ բոլորը ցրիւ են ու ամէն մէկը կղզիացած իր մէջ եւ զրկուած այն կենսահիւթէն որ պիտի ուռճացնէր եւ ծաղկեցնէր այդ ընդունակութիւնները իրենց սկզբնական ուժին համեմատութեամբ։
Ու տխրութիւնը որ կը ծածանի դէմքերու վրայ կարծես բացատրելի կը դառնայ իմ մտատանջ հետաքրքրութեանս։
Սօֆի կարծես ցրուելու համար յայտնուող անձկութիւնը անցաւ դաշնակին առաջ եւ ահա մատները անցան ստեղնաշարին վրայէն։ Ամենքն ալ լռեցին ու լսեցին։
Յանկարծ ինքզինքս զգացի յոգնած ու սպառած։ Գլուխս կրթնցուցի թիկնաթոռին յենակին ու լսեցի. տարտամ երազանքի մը մէջ մտածումս կը թափառէր։ Վարդի աւելի բարկ բուրմունք մը, եւ զգացի որ տիկին Դանիէլեանը կ՚անցնէր մօտէս։ Հեռուն վարագոյրի մը ստուերին մէջ Չէրքէզեանը կեցեր էր առանձին ու յանկարծ անդրադարձայ որ ոչ մէկ բառ չարտասանեց անիկա…ինչո՞ւ այնքան խիստ է ամէնուն նկատմամբ եւ արդեօք ճնշուած չէ խղճահարութենէ… ինչո՞ւ անբացատրելի է տիկին Դանիէլեանի վարմունքը այն անձին նկատմամբ որուն վրայ Սօֆին խօսեցաւ ինձ։ Ինչքան բարդ է ամէն ինչ ու խորախորհուրդ եւ ինչքան ծալքեր ունին հոգիները այս զարմանալի քաղաքին մէջ… եւ նոյն ինքս ես… ինչո՞ւ զուարթ էի այնքան եւ հիմակ կարծես պիտի արտասուեմ. ջիղերս յուզուած սրահին գերագրգռուած մթնոլորդէն, երաժշտութենէն եւ այդ վարդի բուրումէն, որով կարծես այլ եւս յաւէտ ամէնքս ալ արբեցած պիտի մնանք։
Վարագոյրին ստուերին մէջէն Չէրքէզեան կու գայ դէպ ինձ։ Երաժշտութիւնը լռեց։
Կ՚ուզե՞ս երթանք, ես քեզ կ՚ընկերանամ, ուշ է արդէն։
Տիկին Դանիէլեան մեր կողմը կը բնակի ու երեքով կը մեկնինք։
Այգը նոր բացուեր է եւ Ս. Խաչ եկեղեցիին զանգակը կը ղօղանջէ. օդին մէջ կնդրուկի համ կայ եւ շունչս կը բեռնաւորուի բաց պատուհանէն ներս խուժող արեւով, լոյսով եւ բուրմունքով։ Շատ կանուխ արթնցեր եմ եւ տենդագին յուզումով, կարծես դրդուած ո եւ է վտանգէ, իմ ինքնանկար պատկերիս առաջ կեցած, կը նայիմ։ Ես եմ ու ես չեմ. կարծես հին ժամանակներու կին մըն է որ կը ժպտի ինձ շրջանակին մէջէն։ Այսու ամենայնիւ ոչ միայն իր սիլուէթը ընտանի է ինձ, այլ նաեւ իր հոգին։ Անսահմանելի ժամանակներու ընթացքին այդ մարդկային երեւոյթը կարծես ձեւաւորուած ու անհետացած է գալ յանգելու համար իմ սեպհական ձեւիս որը սակայն վերջնականը չէ անշուշտ։
Կրցեր ե՞մ սեւեռել աչքերուս գոյնը որ այնքան փոփոխական է, երբեմն մթին, գրեթէ սեւ եւ երբեմն այնքան պայծառ որ այլ եւս գոյն չունի։ Հագուստիս կանանչորակ կապոյտ ծալքերը, որոնց երանգը ստուերի մը պէս կը կրկնուի աչքերուն մէջ, իմ պատկերիս կու տայ բիւզանդացի իշխանուհիի մը երեւոյթը. մանաւանը որ անիկա նկարուած է հիւանդութենէ մը ետք եւ այդ հիւծուած դէմքը, լայնաբիբ, վերեւէն կամարացող բարակ յօնքերով կը շեշտէ այդ տպաւորութիւնը, բայց շրթները չունին հնամենի պատկերի մը դալուկը եւ անոնց վրայ կը թափառի կարօտը ու տեսակ մը բաղձանք, անձկալի ու զարմացած ինչպէս դէմքը կնոջ մը յուզումնալի օրուան մը վաղորդայնին։ Դէմքը կնոջ մը որ անդունդի մը խորքերը սուզուած է եւ որ ամէն բան տեսած ու ամէն բան լսած ըլլալով կը բարձրանայ դէպի գագաթնակէտ մը։
Եթէ կարենային տեսնել այն բոլորը որ ուզած եմ դնել այդ պատկերին մէջ եւ շատ չի զբաղէին գիծերու կամաւ յառաջ բերուած անկատարութիւնով, եթէ կարենային ընդնշմարել այն տանջանքը, հայրենաբաղձութիւնը որ գալարած է միշտ հոգիս եւ ոչ թէ երիտասարդ կինը. ֆիզիքական անձը, կարող եմ յուսալ։
Եկեղեցիին զանգակները միշտ կը ղօղանջեն ու կարծես կը լսեմ առաւօտեան աղօթքը «Առաւօտ լուսոյ, արեգակն արդար… առ իս լոյս ծագեա…»։
Մեծավայելուչ գեղեցկութեան մը զգացումը կ՚ողողէ զիս այգուն պայծառ լոյսին մէջ եւ ամէն ինչ կարծես ուրիշ կերպարանք կ՚ստանայ իմ շուրջս։
Սրահին մէջ կը թափառիմ մէկ պատկերէս միւսը։ Ահա մեծ գիւղանկար մը, հարթ տարածութեան մը վրայ որ երկուքի բաժնուած է հեռաւորութեան մէջ կորսուող ուղիով մը, առանձին նոճի մը կը բարձրանայ գագաթը թեթեւ մը հակած։ Ու այդ նոճին ալ դարձեալ ես եմ անվերջ ճանբուն վրայ կանգնած, ճանբայ որ կը կորսուի անորոշ հեռաւորութեան մէջ եւ որ ոչ մէկ հանգրուանի կը հասնի։ Ես եմ դարձեալ ու իմ հոգիս, գարնանային սա պատկերը ուր նշենիները կը ծաղկին ամպերով բեռնաւոր երկնքին ներքեւ։ Ես եմ թափառական նաւակը ծովուն մէջ, որուն կոհակներուն վարդագոյն փրփուրները կարծես կը ծաղկին ու կը թառամին, անվերջ մինչեւ լեղակագոյն հորիզոնը որուն վրայ կարմիր ամպ մը կնճիռի մը նման կ՚երկարի։ Ես եմ սա կինը պատուհանին առաջք ակընկալու իր անգրաւելի երազին, կռնակը դարձուցած իր սենեակի շքեղ հանգստաւէտութեան։ Ու իմ հոգիս իր բազմադիմի երեսակներվ կը փորձէ արտայայտուիլ եւ պատկերանալ. բայց նաեւ ամէն մէկ նկարիս վրայ տխրութինը կայ անկարողութեան, որովհետեւ այդ բոլոր տակաւին չեն լսած համադրական խօսքը որ կը կրեմ իմ խորքիս մէջ, ու ամէն ինչ համր է ու մշուշոտ, ինչպէս ամպամած առաւօտը ուր տակաւին արեւը չէ ծագած։
Հիւանդագին սարսուռ մը, սարսուռ յոգնութեան եւ յուսաբեկութեան կը համակէ զիս ու կը նստիմ թիկնաթոռիս մէջ, երեսս դարձուցած պատուհանին, ուրկէ դուրս՝ ամենազօր բնութիւնը իր այլազան, շքեղ եւ լուսաւոր գեղեցկութեամբը կը պատասխանէ իմ անձկութեանս։
Փառատենչութեան տագնապներ, հաւատքով լիքը սլացումներ եւ սրտաբեկութիւն… Ահա իմ կեանքս։ Ինչո՞ւ նման չեմ ուրիշ կիներու եւ ինչու չեմ ճաշակեր անդորր խաղաղութիւնը այնքան ուրիշներու որոնք կը ծնին, կ՚ապրին եւ կը մեռնին ինքզինքին անգիտանալով։ Ո՞ւրկէ եկեր է ինձ այս ճաշակը անկարելիին որ զիս կը պահէ մշտնջենական յուզումի եւ անհամբերութեան մէջ, այնպէս որ երբեմն ես ինքզինքիս կը հարցնեմ. ինչո՞ւ տխուր եմ, կամ ինչո՞ւ ուրախ եմ այսքան։ Կարծես իմ հոգոյս խորհուրդին մէջ տեղի կ՚ունենան յաջողութիւններ կամ պարտութիւններ որոնց յետին ալիքները կը հասնին ինձ։
Պատճառը թերեւս մանկութիւնս էր որ անցեր է ջերմ եւ գորովալի շրջանակի մէջ։ Զիս մեծցուցեր են ինչպէս իշխանուհի պահպանելով զիս իրական կեանքի բոլոր կարծրութիւններէն։ Երբ առաջին անգամ աշխարհիս խիստ շունչը զգացի, նման էի ջերմանոցի մէջ ծաղկած ծաղիկի որ կ՚ենթարկուի արտաքին աշխարհի կլիմայական խստութիւններուն։
Գուրգուրանքի եւ անսահման սիրոյ այդ տաք շրջանակը իմ մէջս զարգացուց զգացողութեան այն հիւանդագին նրբութիւնը որ զիս կը դարձնէր մշտնջենապէս անհանգիստ, անձկալի եւ իմ մէջ յառաջ բերաւ անմիջական նպատակներէն անդին ձգտելու ջերմեռանդութիւնը։ Այս հոգեկան տրամադրութիւնը աղբիւրը եղաւ իմ ամենամեծ ուրախութիւններու եւ դժբաղդութիւններուս։ Զերծ ամէն կարգի անմիջական հոգերէ, շրջապատուած նախատեսնող եւ մանրակրկիտ խնամքով ես կորսնցուցի իրական կեանքի զգացումը եւ միտքս ու երեւակայութիւնս վարժութիւնը ստացան ազատօրէն սլանալու դէպի վերացական ոլորտները երազներուն։ Այսպէս է որ նրբազգած եւ անզէն յանկարծ դէմ առ դէմ գտնուեցայ կեանքի բիրտ անհրաժեշտութեանց, հոգիիս խօրքը պահելով կարօտը ոչ թէ անցեալ հանգիստ կեանքին այլ այն երազներուն որ այդ շրջանին կազմեր էի եւ որ աւելի իրական կեանքն էր ինձ համար քան կեանքն իսկ։
Այդ բոլորին հետեւանքն էին այն ոգեւորութիւնը, այն անխոնջ աշխատութիւնը որով փարեցայ արուեստին։ Այդտեղ արդէն կը փորձէի մարմին տալ իմ երազներուս, այդտեղ իմ հոգեկան տրամադրութիւններս գիծեր ու գոյներ կստանային եւ իմ ներքին եւ ինձ համար իսկ անըմբռնելի ներդաշնակութիւնը կը փորձէր արտայայտուիլ։
Գտնել մարդոց հոգիներուն ճամբան, դառնալ հաղորդական, իմ երազիս եւ յուզումիս կշռոյթը տալ իրենց անձեւ եւ անգոյն զգացումներուն. դառնալ ղեկավարը ցրուած եւ առանձինն հնչող երգերուն, ձեռք առնել անտեսանելի եւ ամենազօր տիրապետութիւնը արուեստագէտին, դառնալ գագաթներէն մէկը, որ կը բարձրանան մարդկային մակարդակէն վեր եւ որ կը համարեն իրենց մէջ ոչ միայն ամբողջութիւնը ներկայ կարելիութեանց, այլ եւ այն ինչ որ պիտի գայ, այն որ գալիք սերունդներուն կը պատկանի եւ որ տակաւին տարտամ, անձեւ ու անկարելի երազ է բազմութեան համար։
Ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած է այս փառատենչութիւնը եւ ինչով կարող եմ արդարացնել զայն։ Միթէ նման եմ այն սնապարծ եւ փքացած մարդոց որոնք չեն գիտեր իրենց տկարութիւնները եւ ներողամիտ են իրենց անկարողութեանց համար։ Երբէք ոչ ոք այնքան յստակ եւ այնքան անողոք կերպով չի կարող տեսնել իր տկարութիւնները եւ յուսահատիլ որքան ես։ Բայց ես անվերջ պայքար մը պարտադրեր եմ ինքզինքիս։ Ինչո՞ւ… ո՞վ կը հարկադրէ զիս, իմ անսահման տենչա՞նքս… թերեւս։ Սակայն եղեր են ժամեր որ ուզեր եմ անկեղծօրէն ազատագրուիլ այդ հարկադրութենէն եւ իմ իդէալիս ցրտին առանձնութենէն իջնել ու խառնուիլ հասարակ մարդոց մէջ, զգալ իրենց ուրախութիւնները, իրենց համեստ յաղթանակները, ապրիլ ու մեռնիլ ինչպէս այնքան ուրիշներ, սեղմելով հորիզոնը իմ իղձերուս։
Բայց կարծես ինձմէ անկախ եւ ճակատագրական բան մը կայ իմ մէջ, կոչումը այն դժուարին դերին որ կը կարծեմ թէ պարտական եմ կատարել։ Ասիկա անդարմանելի հոգեկան վիճակ մըն է որուն ծագումը ինձմէ կը խուսափի եւ որուն թելադրած պայմաններուն գրեթէ անգիտակցաբար կը հնազանդիմ։ Ու ես հպարտ եմ ու իմ եսս կզգամ առանձին ու զօրեղ որուն երբեմն կը նայիմ հիացումով, երբեմն վախով եւ երբեմն ալ անձկութեամբ։
Դժուար է բացատրել հպարտութեան եւ խոնարհութեան այն խառն զգացումը որ կը բղխի կոչումէս եւ իմ միջոցներուս անկատարութենէն։ Երբեմն ինձ կը թուի որ անծանօթ եմ ինքզինքիս, թէ իմ խորքերուս մէջ կան զօրութիւններ որոնք երկնչելի են քանի որ անյայտ են. երբեմն կզգամ որ անյատակ վիհեր կան հոգոյս մէջ որոնց ափին կեցած կը սպասեմ յայտնութիւններու ու դիւրին ուրախութեանց եւ դիւրին տխրութեանց բոլոր դռները կը փակուին իմ դէմ։
Այսու ամենայնիւ, տկարութեան եւ սրտաբեկութեան ժամերու, ձայն մը ինձ կը մրմնջէ։
- Ինչո՞ւ… թերեւս այդ բոլորը պատրանք է, ցնորք … ունայնամտութիւն եւ կամ պարզապէս գերագրգռուած երեւակայութիւն։ Ինչո՞ւ մեկուսանալ քու կոչումիդ մէջ եւ ինչո՞ւ երթալ անմատչելի փառքի ետեւէն։ Երիտասարդ ես ու գեղեցիկ ու կեանքը ծաղկեալ պարտէզներ ունի անոնց համար որ երկրիս վրայ կը քալեն ու թեւաբախումներ չունին դէպի անկարելի հորիզոնները։
Ու այդ փորձութեան ժամերուն կը տեսնեմ սիրազեղ զոյգ մը որ վարդերով ծաղկած պարտէզի մը արեւոտ արահետին վրայէն կ՚երթան ձեռք ձեռքի, իրարու մրմնջելով գորովագին խօսքեր։
Մայիսեան լուսայեղ օր մըն է. արդէն տաքերը սկսեր են ու արեւի ճառագայթներու մէջ որոնք լուսեղէն սիւներու նման կը մտնեն սենեակ վարագոյրներու ընդմէջէն, գոյնզգոյն բզէզներ դարձդարձիկ կը պարեն, անընդհատ բզզալով։
Այսօր վարդի անուշ կը պատրաստեն տան մէջ եւ մօրաքոյրս պատարագ ընելու պատրաստուող եպիսկոպոսի լրջութեամբ, ամբողջովին ճերմակ հագած, զբաղած է այդ բարդ ու նուրբ գործով։ Բազմոցի վրայ, որ ճերմակով ծածկուած է ամբողջովին, վարդերու դէզեր կը կուտակուին, բաժնուած իրենց լաւութեան աստիճանով։ Կան որ անուշ պիտի դառնան, նուազ լաւերը օշարակի պիտի գործածուին, իսկ թերթիկներու աւելորդ մասերը, շատ մանր թերթիկները պիտի ծառային վարդօղի պատրաստելու։
Մօրաքոյրս իր ակնոցները դրած աչքին, ճերմակ եւ ճապուկ մատներով, մկրատով կը կտրատէ թերթիկներու ճերմակ մասերը եւ վարդագոյն ու բուրումնաւէտ կոհակը կը բարձրանայ ափսէին մէջ։
Ոչ միայն սենեակը, այլ ամբողջ տունը եւ նոյն իսկ փողոցը լեցուած է վարդի բուռն եւ թափանցող հոտով։ Բուրմունքի գերագրգռութիւն մըն է ուրկէ նոյն իսկ թեթեւ մը թունաւորուած, գլխու պտոյտ ունի սպասուհին, օգնող կինը եւ մօրաքոյրս ինքն իսկ ստիպուած է երբեմն ընդհատել աշխատութիւնը եւ սրահէն դուրս ելնել, շունչ առնել։ Բայց վարդի հոտը կը տիրապետէ ամենուրեք, սանդուղներուն վրայ, խոհանոցը՝ ուր արդէն մէկ մասը կ՚եփուի լայնաբերան պղինձներու մէջ։
Բազմոցին վրայ, մօրաքրոջս դէմ ծալլապատիկ նստած, յիշելով անցեալ եւ մանկական օրեր կը հետեւիմ այդ նուրբ եւ գեղեցիկ աշխատութեան։ Անիկա գործ մըն է որ կը պահանջէ ճաշակ, փորձառութիւն եւ համբերութիւն եւ որը ունի իր յաջողութիւնները եւ անյաջողութիւնները։
Պէտք է որ վարդը պահպանէ իր հում բուրումը։ Միայն փորձ տանտիրուհիները գիտեն այն ճիշդ րոպէներու գաղտնիքը որով վարդի թերթիկները պիտի խառնուին որոշ չափով շաքարի խտացած օշարակին եւ որը կը կատարեն բնազդով եւ կեդրոնացած ուշադրութեամբ։ Մօրաքոյրս լռին է եւ մտախոհ, չի սիրեր որ զինքը ընդհատեն, կամ իր ուշադրութիւնը դարձնեն ուրիշ նիւթի վրայ եւ իր լռութիւնը կ՚ընդհատէ միայն հապճեպ եւ կտրուկ հրամաններ տալով։
Վարդին գոյնը պահպանելն ալ մեծ հոգ է եւ այդ մասին զանազան կարծիքներ կան։ Մօրաքոյրս չուզեր փորձել նորութիւններ եւ կը հետեւի աւանդութեան. կը կատարէ ամէն ինչ այնպէս ինչպէս իր մայրը, իր մեծ մայրերը։
Աստիճանաբար խոր եւ գոգաւոր ամանին մէջ հաւաքուած ու ստկուած թերթիկները կ՚ողողէ լեմոնի ջրով ու աչքի ու ձեռքի չափող, ճարտար շարժումներով կը կատարէ այդ բոլորը ընկղմած իր գործին նրբութեան մէջ։
Օշարակի պատրաստութիւնը նուազ խնամք պահանջելով կը յետաձգէ, եւ ես չեմ կրնար առանց որոշ հիացումի հետեւիլ այդ աշխատութեան նրբութիւններուն։
Դուրս ելիր, մի մնար այստեղ, կ՚ըսէ մօրաքոյրս, մտահոգ՝ իմ մասիս։
Ընդարձակ սրահին մէջ ուր պատկերներս դրեր եմ, վարդի հետապնդող բուրմունքը զիս կը տոգորէ եւ կարծես շնչած օդս կը ծանրանայ, զիս կ՚արբեցնէ։ Գլխու պտոյտ, յանկարծական տկարութիւն, ջլատում ծունկերուս մէջ եւ ահա հայելին կը ցոլացնէ դէմքս տժգոյն եւ ճերմկած, մինչ աչքերս կը վառին տենդով։
Արագ, արագ կը հագուիմ ու դուրս կու գամ տունէն եւ Պաղլար պաշիի լայն փողոցին մէջէն յառաջանալով կը կրթնիմ արեւանոցիս վրայ որովհետեւ տկարութիւնս չի անհետանար տակաւին արեւին եւ բաց օդին մէջ եւ ռունգերուս մէջ կը կրեմ արբեցութիւնը վարդի բարկ բուրմունքին։
Ամբողջ թաղը լիքն է այդ հոտով։ Վարդերու եղանակն է եւ շատ տուներէ հետզհետէ աւելի թեթեւ աստիճանով կ՚արտաշնչուի անիկա։ Կիսաբաց դռներէ, բաց պատուհաններէ գաղջ եւ բուրումնաւէտ ալիքը կը տարածուի մթնոլորդին մէջ եւ բզէզներ հրապուրուած իրենց այդ նախասիրած ծաղիկէն կը բզզան արեւին մէջ, կը թափառին ամենուրեք իրենց բնազդով փնտռելով ուղղութիւնը վարդերուն որ կը դիզուին, բազմոցներու վրայ, ափսէներու մէջ, սեղաններու մակերեսին։
Այսօր ինձ մօտ այցելութեան պիտի գայ Վահան Տիրան պէյ, կարգադրիչ յանձնախումբին նախագահը։
Արագ այցելութիւն մը օրիորդ Վառվառեանին, որուն հետ դուրս կուգանք եւ կ՚անցնինք ծաղկաւէտ դաշտերուն մէջէն մինչեւ բարձունքը. կը հանդիպինք տիկին Դանիէլեանին, որ գիրք մը ձեռքը նստած է արեւին մէջ, գետնին վրայ, ծառի մը բունին կրթնած։ Շուքին մէջ կաթնային լոյս մը կ՚ողողէ մեզ որը կը դողդղայ արեւի լայն արատներով։ Մենք ալ կը նստինք գետինը ու չենք կարող խօսիլ, անձնատուր լոյսի եւ տաք մթնոլորդի հեշտաւէտ ազդեցութեան։ Կ՚առաջարկեն աւելի հեռու երթալ մինչեւ Պուլկուրլուի աղբիւրը, բայց ես կը շտապեմ տուն դառնալ որովհետեւ պէտք է պատրաստուիմ հիւրս ընդունելու։
Հապճեպ կերպով կը ճաշենք որովհետեւ մօրաքոյրս տակաւին բոլորովին չէ աւարտած գործը։
Յաջող է, կը հարցնեմ։
Մօրաքոյրս կը վարանի հաստատ բան ըսել, թէեւ դէմքը կը կրէ դժուարութեան մը յաղթողի գոհունակութիւնը։
Տակաւին տաք է, կարելի չէ հասկնալ, կ՚ըսէ, բայց կարծեմ յաջող է։
Բիւրեղեայ պզտիկ ամաններու մէջ, սպասուհին կը բերէ վարդի անուշը որպէսզի ճաշակենք։
Հիանալի է, ուտել չէ ասիկա այլ զգալ. իւրացնել ինչ որ կայ մեր զգայարաններու համար աւելի անշօշափելի եւ խուսափուկ. բուրում եւ երանգ։
Անուշ չէ այլ բանաստեղծութիւն, կ՚ըսեմ մօրաքրոջս որ յանկարծ գոհունակութենէն կը ժպտի իր բարի եւ թառամած դէմքը դարձուցած ինձ որուն վրայ աչքերը տակաւին գեղեցիկ են, լոյսով եւ իմաստութեամբ լեցուն։
Յետոյ կը խօսինք Վահան Տիրան պէյի մասին։
Տիրան պէյի ընտանիքը ծանօթ է իրեն ու նոյն իսկ հին ժամանակները, մօրաքրոջս երիտասարդական օրերուն իրենց ընտանիքները յարաբերութեան մէջ եղած են։ Ինձ կը պատմէ այդ ընտանիքին եղերական պատմութիւնը։
Տիրան պէյի մեծ հայրը ազդեցիկ եւ հարուստ չէլէպի, հայ կաթոլիկ, կաթոլիկ հասարակութեան ղեկավար անդամներէն մէկն էր երբ կ՚ենթարկուի Աւետիք Պատրիարքի հալածանքին։ Հայ պատրիարքարանը անզօր զգալով ինքզինքը զսպելու կաթոլիկութեան տարածումը կը դիմէ բռնի եւ խարդախ միջոցներու։ Աւետիք Պատրիարք Սուլթանը կը շահի իր կողմը հաւաստիացնելով որ կաթոլիկ հայերը Եւրոպական պետութիւններու գործակալներն են եւ Օսմանեան պետութեան դաւաճաններ։ Բանադրանքներէն եւ բարոյական պատիժներէն յետոյ արիւնարբու պատրիարքը զօրացած կառավարութեան բիրտ ուժով հրամանագիր մը կ՚արձակէ որով ամէն մէկ կաթոլիկ հայ պէտք էր ներկայ ըլլար յառաջիկայ կիրակի պատարագին լուսաւորչական եկեղեցիի մէջ զղջացողները ըմբոստներէն որոշելու համար։
Բռնաբարուած իրենց խղճի ազատութեան մէջ հայ փոքրաթիւ հասարակութիւնը որ Պոլսոյ ամենէն քաղաքակրթուած եւ լուսաւորուած հատուածն էր այն ժամանակ, որ երկարատեւ եւ անարդար հալածանքներու հետեւանքով ստացած էր հոգեկան եւ բարոյական որոշ բարձրութիւն, կը հաւաքուի իր երեւելիներուն տուները ուր ներկայ կ՚ըլլայ թիւ պատարագին։
Այս կրաւորական դիմադրութեան հետեւանքը կ՚ըլլայ խմբական աքսոր, իրաւազրկութիւն, բանտարկութիւն եւ այլն։ Բազմաթիւ մեծամեծներու տուներ կը սնանկանան, պաշտօնատարներ կը վտարուին եւ ամէն հայ կաթոլիկ տուն կունենայ իր աքսորեալը եւ բանտարկեալը։ Տիրան պէյ իր երկու եղբայրներով, անմիջական յարաբերութեան մէջ ըլլալով ֆրանսական դեսպանատան հետ, կը կրեն ամենէն ծանր պատիժը։ Հարուստ, ապրած շռայլ եւ վայելուչ կեանքով, յղփացած արքունական պատիւներով, կը նախընտրեն կորսնցնել ամէն ինչ եւ մերժելով ներկայանալ աններող պատրիարքին, կը դատապարտուին մահուան։ Իրենց անշարժ կալուածները յարքունիս կը գրաւուին եւ իրենց ընտանիքը ու զաւակները մէկ օրէն միւսը կը կորսնցնեն ամէն ինչ պահելով մի միայն իրենց անունը, սրբագործուած նահատակութեամբ։
Կառքը կեցաւ դրան առաջ եւ վարագոյրին ընդմէջէն հազիւ տեսայ հիւրին սիլուէթը։
Հիւրասենեակին մէջ ծանօթացանք իրարու։ Երկայն, խոհուն եւ քիչ մը երկար տեւող նայուածքով մը նայեցաւ ինձ մինչ ես կը ժպտէի։ Այդ պահուն մտածեցի։
Ինչքա՜ն մերկ է այս սրահը, կարծես կահաւորուած միմիայն գորգերով։ Պէտք է փոխել այդ բոլորը։
Ես եւ Տիրան պէյ կեցեր էինք դէմ առ դէմ եւ շուրջս այնքան մերկ ու ընդարձակ կը թուէր ինձ որ կարծես կը կորսնցնէի իմ վարմունքիս ու շարժուձեւիս ազատութիւնը։
Ցած բազմոցին վրայ նստեցայ, որը մօրաքոյրս ծածկեր է հնամենի լահոռի շալով ի պատիւ մեր ազնուական հիւրին։ Ձեռքերս միացուցած թեթեւ մը բարձրացուցած աջ ծունկիս վրայ կը լսէի զինքը։ Գիտեմ որ ներդաշնակ ամբողջութիւն կը կազմեմ, լահոռին գունեղ խորքին վրայ, իմ մութ կապոյտ հագուստով որուն վիզը եւ թեւերը բաց են ու մազերս յարդարած այնպէս որ դէպի գագաթս բարձրացող կոհակները, գիտեմ, պէտք է փալփլան յետ միջօրէի ուժեղ լոյսին մէջ։
Արեւը մինչեւ կէս օր սենեակը ողողելէ յետոյ հիմա անհետացած է տանիքին ետեւ եւ զարմանալի ստուեր մը կայ սրահին մէջ որովհետեւ կարծես թէ պատերը, գորգերը, ու ամէն ինչ տակաւին կ՚արտացոլեն իրենց մէջ ամբարած արեւի ճաճանչներու շողշողուն լոյսը։ Այդ պատճառով է թերեւս որ անակընկալ կերպով ցոլք մը կը թրթռայ ու կը մարի. կամ երանգ մը աւելի ուժգին կերպով կը ներկայանայ մեր տեսողութեան։ Յանկարծ ծաղկամանին մէջ բացուող վարդը կարմիր, շատ կարմիր թերթիկները կը թափէ գետին կամ պատը ծածկող գորգին նկարներէն մէկը կ՚անջատուի կարծես խորքէն ու իր նախշուն զիկզակով կ՚ընկերանայ մեր նայուածքին ու կը մարի… տարօրինակ ընդարմացում մը համակած է զիս ու երազի մէջ եմ կարծես… խօսակցութիւնը դանդաղ է ու դժուարաւ կը պահպանենք անոր ընթացքը։ Զիրար կը դիտենք անտարակոյս. կ՚ուզէի իր պատկերը նկարել։ Ահա այդ է, կը մտածեմ, իմ մտազբաղութեանս պատճառը։ Կ՚ուզէի այդ դէմքին գաղտնիքներուն եւ անօրինակ հրապոյրին թափանցել ու ինձ կը թուի որ աչքերս փակ ու մտքովս աւելի յստակ պիտի տեսնեմ զինքը։
Առաջին հանդիպման յատուկ սովորական խօսակցութիւնը վերջ կը գտնէ երբ մօրաքոյրս կը մտնէ սրահ։ Հագեր է իր մեծ օրերու սեւ հագուստը որը զարդարուած է նրբակերտ բանուած ճերմակ օձիքով եւ թեւնոցներով։ Իսկապէս վայելուչ ձեւ եւ քալուածք ունի անիկա իր ճերմակ տակաւին առատ եւ թեթեւ մը գանգուր մազերով. իր մեղրամոմի գոյն թառամած մորթով որուն վրայ կը բացուին սեւ աչքերը։ Ընդունելութեան յատուկ ձեւ ունի որ կը վերապահէ այն հիւրերուն որոնք կարող են գնահատել իր շնորհքը եւ վայելչութիւնը, հին օրերու սովորութեանց յատուկ։
Քանի մը րոպէէն կը ներկայանայ անուշի ափսէն արծաթ դրուագուած աննշմարելի կապոյտով եւ վարդի անուշը կը յաղթանակէ, սաքսի լուսանցիկ ընդունարանին մէջ, իր երանգով եւ բոյրով։
Մեծավայելուչ եւ հանդիսաւոր բան մը կայ այդ բոլորին մէջ եւ երբ Տիրան պէյ եւ մօրաքոյրս զբաղած են իրենց հօրենական յարաբերութեանց յիշողութիւնները թարմացնելու, ես ազատ այլ եւս, կը դիտեմ հիւրս։
Տիրան պէյ այնպիսի մարդ մըն է որ բազմութեան մէջ կարող էր անցնել առանց ուշադրութիւն հրաւիրելու, որովհետեւ իր անձին ու մասնաւորաբար իր դէմքին առանձնայատկութիւնները զգայուն կարող են դարձնել միմիայն նրբաճաշակ մարդիկը։ Միջինէն քիչ վեր հասակով եւ նիհար, վայելչակազմ առանց սեթեւեթի, խարտեաշ որ սկսած է ճերմկիլ, նրբագիծ եւ դժգոյն՝ թերեւս այն արեան պակասութեան պատճառով որ յատուկ է մայրաքաղաքացի հին ընտանիքներու սերունդներուն, դէմքին վրայ կը կրէ ազնուական յոգնութեան դրոշմ մը։ Իր մանր եւ դեղին աչքերը որոնց շատ մօտէն կ՚ընկերանայ խարտեաշ յօնքերու գիծը, ծածկուած են ոսկիով շրջանակուած ակնոցներուն ներքեւ։ Ճակատը լայն, կարծես պրկուած, առանց խորշոմի, քունքերուն վրայ կ՚ստանայ այնպիսի թափանցկութիւն որ երակներուն ցանցը նշմարելի կը դառնայ։ Դէմքին քիչ երկար ձուաձեւը կը վերջանայ պզտիկ մօրուքով մը որ այլեւս ալեխառն է։ Արծուային քիթը նուրբ ռնգունքով դէմքին կու տայ իր վերջնական նկարագիրը մինչ փոքր պեխերուն ներքեւէն անթերի գիծով շրթները, շատ թարմ, շատ մաքուր, ժպտուն եւ ճկուն զարմանալի զգացում կը ներշնչեն մտերմութեան եւ գորովանքի։
Անտարակուսելի է որ այդ նրբութեան եւ ուժի խառնուրդը այդ վայելուչ պարզութիւնը արտայայտութեան եւ խօսքի ներդաշնակ դիւրութիւնը չէին կարող անտարբեր թողուլ ոեւ է նրբաճաշակ կին բայց ինչ որ իմ ուշադրութիւնս կը հրաւիրէ ուրիշ բան է։ Տարօրինակ հանգստի ու ներքին ներդաշնակութեան զգացում մը ունիմ։ Կարծես բոլոր խռովայոյզ ձայները լռած են իմ մէջ, այն թռչկտող անհամբերութիւնը որով միտքս մէկ կէտէն միւսը կ՚ոստնէ. որ թոյլ չիտար ինձ պահ մը կանգ առնել տպաւորութեան մը վրայ. դադրած է այս միջոցին։ Ամէն րոպէ կարծես կ՚ուզեմ ըսել… ահա այսպէս… ճիշդ այսպէս… խօսքը, ձայնը, շարժումը, շրթունքին ժպիտը, խոհուն եւ երազուն նայուածքը, ամէն ինչ կարծես կը համապատասխանեն իմ ներքին եւ թաքուն ներդաշնակութեան որ կարծես յայտնուեցաւ ահա այս րոպէիս…
Ուրա՞խ եմ… չեմ կարող ըսել, բայց տեսակ մը հաճելի թմրութիւն գրաւած է զիս, ուղեղս չի գործեր այլ եւս, կամ կ՚անջատուի ներքին եւ անբացատրելի զգացումէ մը եւ իր հակակշռի ուժը կը կորսնցունէ։ Բնազդական եւ անդիմադրելի հաճոյք մըն է որ կը գրաւէ զիս, անսանձ բայց տակաւին ցրիւ, որ տակաւին չէ տիրապետած ինձ բայց ուրկէ խուսափելու ոչ ուժ ունիմ, ոչ բաղձանք։
Տիրան պէյ յանկարծ ինձ կը դառնայ։
Քանի որ տակաւին լոյսը չէ փոխուած, կ՚ուզէ՞ք Տիկին, տեսնենք ձեր պատկերները։
Անսպասելի վախ մը կը գրաւէ զիս ու նաեւ տեսակ մը ամօթխածութիւն։ Իմ գործս, իմ հոգոյս երեսակներուն արտայայտութիւնը, սահմանուած մարդոց բազմութեան ցուցադրուելու, պիտի ուզէի քօղարկուած պահել այդ մէկէն եւ աստիճանաբար յայտնել զայն։ Ատկէ զատ ուրիշ զգացում ալ կայ. ես որ բաւական զրահաւորուած եմ մարդոց կարծիքին դէմ եւ հասած եմ արդէն որոշ անտարբերութեան, յանկարծ մանկան պէս կը դառնամ դողահար եւ վարանոտ եւ աչքերս կը խոնարհեմ գետին որպէս զի չի յայտնուի իմ շփոթութիւնս…
Այսու ամենայնիւ կ՚անցնինք սրահ. բաղդը ինձ օգնութեան կը հասնի։ Օրիորդ Վառվառեան կու գայ այդ միջոցին, կ՚ուզէ ինքն ալ ընկերնալ Տիրան պէյի այցելութեան։ Ուրախ է, ժպտուն եւ թեթեւ՝ թիթեռնիկի նման։ Իր լաւ տրամադրութիւնը կը համակէ մեզ եւ թէեւ խորքերուս մէջ կը մնամ վրդովուած բայց կը յաջողիմ ստանալ որոշ կեցուածք եւ երբ Սօֆի թեւս մտած կը քաշքշէ մէկ պատկերէն միւսը, ընդհատելով իր հարցումները եւ դիտողութիւնները զուարճալի պատմութիւններով, բանբասանքներով, հեգնութեամբ, կը խնդամ իրեն հետ ջղային կերպով բայց հոգիս լի է անձկութեամբ, խռովքով եւ յուզումով։
Ի՞նչ ունիս այսօր, հիւանդ ե՞ս Էմմա, կ՚ըսէ յանկարծ Սօֆի։
Տիրան պէյ կը դառնայ մեր կողմ, արեան ալիք մը կը բարձրանայ դէպի դէմքս։ Այդ միջոցին երեկոյեան լոյսը կը դողդողայ հարաւային քամիէն որ յանկարծ կ՚անցնի վարագոյրները դողդողացնելով։ Տան վրայ մագլցած կլիսիններու բուրմունքը կը շնչենք լիաթոք… տենդագին յուզում մը կը սարսռայ միջոցին մէջ… իրարու կը նայինք զարմանալի եւ խորաթափանց նայուածքով եւ կարծես կ՚ուզենք խօսիլ մինչ Սօֆի կը մօտենայ պատկերի մը։ Բայց բառերը դժուարաւ կը հասնին մեր շրթներուն, անոնք չեն ձեւակերպուիր այնպէս ինչպէս կը բղխին ու բռնազբօսիկ բան մը կայ մեր փոխադարձ վերաբերմունքին մէջ։
Կեցած ենք իմ ինքնանկար պատկերիս առաջ, եւ ես մտատանջ եմ, գո՞հ է թէ դժգոհ։ Ինչո՞ւ ինձ կը նայի այդպէս խոր եւ յուզուած նայուածքով մը։ Դիմացը պատին երկայնքին դէպի բազմոցը կ՚երթանք ու կը նստինք քով քովի։
Տիկին… ես չեմ ուզեր խօսել թելադրուած միմիայն սիրալիր քաղաքավարութենէ. ես եկայ դէպի ձեզ, եկայ տեսնելու ձեր գործը անորոշ զգացումով…
Սիրտս կարծես սեղմուած է ամուր ձեռքի մը մէջ ու երեսներս կ՚այրին տենդով։
Ձեր մասին լսած էի վաղուց եւ այս վերջին օրերը յաճախ ձեր գործին ու ձեր անձին վրայ խօսեցան ինձ… բայց…
Կարծես ուրիշ արեւ մը կը լուսաւորէ սրահը, կարծես տարբեր մթնոլորդի մը մէջ ենք ու անձկագին անհամբերութեամբ կը լսեմ իր ձայնը։
Յուզումով, թէեւ առանց հապճեպի եւ առանց շփոթութեան անիկա կը շարունակէ։
Ու ինչ որ տեսայ ձեր մօտ, ինչ որ զգացի, կը գերազանցէ իմ բոլոր ակնկալութիւններս։
Տիրան պէյ, կ՚արտասանեմ յանկարծ, զարմացած ձայնիս անսովոր թրթռացումէն, ձեր հաւանութեան մասնաւոր կերպով զգայուն եմ։
Կը դառնամ իրեն ու դարձեալ իրարու կը նայինք երկար եւ խոր նայուածքով մը։ Տեսակ մը աննկարագրելի բան կայ այդ մեր նայուածքին մէջ. կարծես աւելի խոր բան մը, աւելի հոգեկան իսկութիւն մը հաղորդակցութեան կը մտնեն իրարու հետ։
Յետոյ աւելի հանդարտ եւ մեթոտով կը խօսի իր տպաւորութեան մասին։ Առաջին անգամն է որ Կ. Պօլիս գալէս ի վեր իսկապէս նկարչական կիրթ ճաշակ ունեցող մարդու խօսք կը լսեմ։ Իր գնահատութիւնը յստակ է եւ խորաթափանց։
Կարծէք թէ ընտանի էք նկարչական արուեստին։
Ես ինքս երբէք չեմ նկարած բայց շատ կը սիրեմ նկարչութիւնը։ Բիւզանդական եկեղեցական պատկերներու հաւաքածոյ մը կազմեր եմ մեծ խնամքով եւ սիրով եթէ պատիւ ընէք մեզ մօտ հիւր գալու, հաճոյքը կունենամ ձեզ ցոյց տալու իմ փոքրիկ թանգարանս։
Մեծ հաճոյքով, Տիրան պէյ։
Սօֆիին ծիծաղը մեզ կ՚սթափեցնէ. կը դառնանք իր կողմ. պատուհանէն դուրս կախուած կը խնդայ չեմ գիտեր ի՛նչ բանի մասին։ Ժամը յառաջացած է եւ լոյսը կը նուազի սրահին մէջ։ Մօտակայ պարտէզի մը ծառերուն սօսաւիւնը կը բարձրանայ դէպի մեզ, շրթներուս վրայ օրը ծանրաբեռն է բուրմունքով ու կարծես ամենազօր գեղեցկութեան մը ցրիւ տարերը ամէն կողմերէ կը դիմէն դէպ հոգիս զարդարելու համար իմ կեանքի այս ժամը։
Ձեր արուեստին մէջ ունիք զուսպ ուժ եւ իմացականութիւն։
Օ՜հ Տիրան պէյ…
Ու կարծէք կնոջ ձեռք չէ որ բռնած է ձեր վրձինը… ձեր պատկերը, օրինակի համար… միայն մարդը կարող էր զայն նկարել այդպէս… դժուար է առ այժմ բանաձեւել իմ զգացումս ու մտածումս բայց այդ պարզ է. միայն մարդը կարող էր նկարել կինը իր ամենէն յուզումնալի, իր գերագրգռուած տպաւորութիւններու ազդեցութեան տակ։
Տիրան պէյ… ես պիտի ուզէի ուրիշ ատեն եւս եւ աւելի երկար խօսել ձեզ հետ արուեստի մասին. ես պիտի ուզէի այս առաջին տպաւորութեան ազդեցութենէն ազատուած, աւելի խիստ քննութեան ենթարկել իմ գործս ձեզ հետ։ Ոչ ոք ինձ խօսած է այնպէս ինչպէս դուք… ես ինքս այս պահուս չեմ կարող իմ միտքս յստակ կերպով արտայայտել։
Յանկարծ գլուխս բարձրացուցի եւ իրեն նայեցայ։
Աւելի ներզօր զգացումով մը պատասխանեց իմ նայուածքիս ու շրթներուն վրայէն տեսայ որ սարսուռ մը անցաւ. խօսքեր որ անցան առանց արտաբերուելու։
Սօֆի եկաւ մեզ մօտ ընդհատելով մեր խօսակցութիւնը։ Անիկա կեցաւ պահ մը ու հեգնութեամբ ժպտելով նայեցաւ մէկ ինձ մէկ Տիրան պէյին… յետոյ յանկարծ մեր դիմացը կանգնած, պատկերին նայելով ըսաւ։
Ինչպէ՜ս լաւ է, լաւ է, չէ՞, Տիրան պէյ… Ես կը կարծեմ թէ Էմմային ամենէն յաջող պատկերն է։
Լաւ է, կրկնեց Տիրան պէյ եւ զարմանալի է. կարծես այդ աչքերը, այդ դիմագիծը… այդ սիլուէթը անծանօթ չէ ինձ…։
Սօֆիին հետ հիւրս առաջնորդեցի մինչեւ դուռը։ Պարտէզին ցանկապատէն անդին վարդենիներու շուքին մէջ անգամ մըն ալ Տիրան պէյ դարձաւ մեզի եւ երկուքս բարեւեց կառք նստելէ առաջ։ Սօֆիին հետ իջանք սանդուղներէն ու մտանք պարտէզ։
Էմմա, Էմմա, ըսաւ կատակով Սօֆի. Տիրան պէյը…
Չի շարունակեց բայց հասկցայ, իմ յուզումս իմաստ մը ստացաւ ինձ համար եւ ինքը չգիտցաւ որ այդ րոպէին իմ կեանքի ամենէն յուզումնալի, ամենէն գեղեցիկ ու տառապագին շրջաններէն մէկը կը բանար այդ խօսքերով։
Ամէն բան կ՚անցնի, ամէն բան կը մարի, ու մեր փոխադարձ զգացումներն ալ չէին կարող իրենց վախճանին չի հասնիլ… Ո՞վ էր յանցաւոր։ Ոչ ես եւ ոչ ինքը ապահովաբար… տեւողութիւնը մեր սիրոյն կախում ունէր իր առաջին րոպէէն ստացած մղումէն եւ անիկա դադրեցաւ այնպէս, առանց պատրուակի, քաղցր մրմունջի մը մէջ, ինչպէս գարնանային անձրեւ ծաղկազարդ ծառերու վրայ։
Ամիսներ, տարիներ անցեր են այլ եւս այս իրիկուն կը յիշեմ իր քաղցր եւ յուզուած դէմքը եւ գեղեցիկ զգացումին ճառագայթումը։ Այդ օրերուն հոգիս զգացի ազատուած որովհետեւ այդ օրերուն միայն զգացի սերտ հաղորդակցութիւնը անսահմանին եւ անծանօթին հետ։ Պահեր եղան որ անվերջ ժամանակներու ցուրտ եւ գերագոյն զգացումը ներշնչեցին ինձ եւ նաեւ ժամեր տառապանքի ու ցաւի որ դարերու դանդաղութեամբ թաւալեցան։ Բայց այդ բոլորը համարժէք են այլ եւս եւ նշանակութիւն ունին միայն իրենց բովանդակած յուզումի ուժգնութեամբը։
Այսօր երբ երանգապնակս ձեռք կ՚առնեմ իմ ուրախութիւններս եւ տխրութիւններս կը վերադառնան ինձ եւ վրձինս կ՚առաջնորդուի իմ ներքին զգացումներուս յուզումովը։ Ամէն օր եւ ամէն ժամ կրկին կապրիմ այդ անցեալ ժամերը եւ յաւերժութիւն կու տամ անոնց որ ժպիտով կամ արցունքով կը ներկայանան ինձ։ Ու մարդիկ որ արուեստագէտի մը գործերուն առաջ կանգ կ՚առնեն չեն կարող երեւակայել որ մենք ստիպուած ենք մոռցուած եւ անցեալ վիշտ մը հարիւր անգամ վերակենդանացնելու եւ հարիւր անգամ մեր սիրտը արիւնելու որպէս զի անոր կենդանի եւ ներկայ տպաւորութեան կարենանք հաղորդակից ընել անցնող գորշ եւ անտարբեր ամբոխը։
Եռոտանիիս առաջ կեցած, ճերմակ կտաւիս դիմաց ի զուր կը ջանամ մտքովս սեւեռել տեսիլքը այն ժամուն որ խուսափուկ գիծերով կը ներկայանայ ինձ։ Յիշողութիւնները կը խուժեն դէպի հոգիս դղրդելով անոր անշարժութիւնը… իմ նախկին մտորումներս եւ մտքի տանջանքներս անհետացած են կարծես։ Հոգիս աքսորեալ կարծեց գտնել իր լայն հորիզոնները որովհետեւ ուրախութիւնը եւ վիշտը պահ մը բոլոր փակ դռները բացին իր անհանգիստ եւ անձկալի անհամբերութեանը առաջ։
Բայց այսօր ահա կրկին իմ վրձինս կը վարանի կտաւին վրայ… եւ կը զգամ որ կը վերադառնամ իմ ներքին բանդիս որը միմիայն զարդարուած է այլ եւս յիշողութիւններով եւ ցանկութիւններով։
Աւելի լաւ է թողում ամէն ինչ եւ երթամ Տիկին Դանիէլեանի այցելութեան ուր եւ կարող եմ հանդիպիլ Հրանդ Չէրքէզեանին… Թերեւս իր խիստ եւ յանդիմանող նայուածքը մեղմանայ երբ իմ աչքերուս մէջ տեսնէ կարօտը նոր գարուններու, կարօտը կեանքին որուն լոյսով եւ մրուրով խառն ալիքը կը բարձրանայ շուրջս… Թերեւս զգայ նաեւ որ հակառակ իմ յանձնապաստան առանձնութեանս, հակառակ այն հաւատքին որով կը կարծէի թէ առած եմ իմ ազատութեան թռիչքս, եւ որը ինձ կը հեռացնէր իրենցմէ, դարձեալ եւ միշտ աքսորի ընկերներ ենք, բանդարկեալ մեր կառուցած ներքին բանդերուն մէջ եւ խիստ բանդապահներ իրարու։
Յետ միջօրէի արեւը կ՚իջնէ հորիզոնին վրայ իր ջերմութիւնը մեղմացնելով. հեռաւոր հովիտներէն հովիւի մը սրինգը կը հնչէ. վարդագոյն ամպի ծուէններ արագութեամբ կ՚անցնին երկնքի վրայէն։ Աւելի լաւ է մնամ մինակ եւ լսեմ իմ հոգիիս մրմունջները. երթամ պարտէզին խորքերը, ծաղկած կեռասենիներու ներքեւ որոնց ճերմակ թերթիկները այնքան գեղեցիկ ժամերու մէջ անձրեւեցին մեր վրայ։