Zahrat
Զրոյց
Այս կողմերը տեղ մը պզտիկ սկիզբ մը կայ
Մեր այս կողմերը ոչ մէկ սկիզբ կայ
Ամէն ինչ շատոնց սկսեր է հոս
Բայց ես կʼիմանամ թէ զիս կը կանչէ
Պզտիկ սկիզբ մը որ կը կայծկլտայ
Ադամանդի պէս
Ադամանդ որուն բազմատաշ դէմքին
Գոյացման հրաշէկ արեւն է ինկեր
Կանչեր կը լռեն
Իմ լսողութեան սեմէն շատ հեռու
Տեսողութենէս մղոններ անդին
Կայծեր կը մարին
Սկիզբ մըն է աս ուժանակի պէս
Պայթելու պատրաստ
Հոս անշարժութեան ծոցն է ամէն ինչ
Ոչ մէկ բան ինքինք կը վերստեղծէ
Բայց ես կʼիմանամ թէ զիս կը կանչէ
Պզտիկ սկիզբ մը որ կը հեծկլտայ
Ու տէր մը կʼուզէ
միլիոն խոստումով
Միլիոնաբարբառ
Զերօ մը անկեր
Զերօ մը ատակ միլիոն դառնալու
Միլիոնն հաւասար է հոս զերոյի
Ոչ մէկ բան ինքզինք կը բազմապատկէ
Այս կողմերը տեղ մը պէտք է որ ըլլայ
Պզտիկ սկիզբ մը որ կʼանհամբերի
Ես զինքը վաղուց ուզեր եմ ճանչնալ
Կամ գիտեմ ես զայն առանց ճանչնալու
Գիտեմ թէ սաղմն է ան լինելութեան
ՈՒ հոս է հիմա
Այստեղ ժխտումն է ամէն նորութեան
Զուր թէ ան ըլլայ պտուկ ինքնակամ
Նախ ծիլ յետոյ ոստ ու ծառ դառնալու
Այստեղ ոչ մէկ բան կը վերընձիւղի
Օրօրոց յոյսի
Մեկնակէտ լոյսի
Այստեղ մերժումն է հանգրուաններուն
Ոչ մէկ բան ինքզինք կը վերարծարծէ
Մութ է այստեղ մութ բայց խորշէ մը մութ
Կը լսեմ կու լայ սկիզբն անտերունջ
Ան որ կարծեցի թէ իմս էր միայն
Ան որունն ըլլալ կարծեցի միայն
Զուր թէ ան ըլլայ սկիզբն ամէնուն
Հոս մռայլ վերջեր կը թեւածեն խուլ
Ոչ մէկ բան ինքզինք կը վերսկսի
Այս կողմերը տեղ մը պզտիկ սկիզբ մը կայ
Գիտե՞ս թէ ուր է
Մեր այս կողմերը ոչ մէկ սկիզբ կայ
Ամէն ինչ շատոնց սկսեր է հոս
Բայց ես կʼիմանամ թէ իս կը կանչէ
Պզտիկ սկիզբ մը որ կը կայծկլտայ
Ադամանդի պէս
Ադամանդ որուն բազմատաշ դէմքին
Գոյացման հրաշէկ արեւն է ինկեր