Zahrat

Տիկին Բրածոյ

Տիկին Բրածոյ ինչպէս էք
Ինչպէս ըլլաք ծովէն ելած ձուկի պէս
Ծաղարանը նստեր էք
Պաղպաղակ չէ ձեր մենութիւնը կը լիզէք ծովուն դէմ
Հին փառքերու ծովէն ելած ու չլմորած ձուկի պէս
Տիկին Բրածոյ լքուեր էք

Տիկին Բրածոյ բարեւ ձեզ
Ձեր փափկասուն գեղեցկութիւնն ինչպէս է
Ուր է չկայ քսան տարի առաջ էր
Այն ատեն դուք կին գեղանի ես պարմանի նորելուկ
Ձեր իգութեան հրապոյրին անձնատուր
Շատերու հետ ձեր բոլորտիքն էի շրջեր սիրտս թունդ
Ձեր անմատոյց մտերմութեան մէկ փշրանքին տիրանալու զուր յոյսով
Չէիք գիտեր որ յիշէք
Ծաղարանին մէկ անկիւնը նստեր էք
Պաղպաղակ չէ ձեր անցեալի հպարտութիւնը կը կրծէք ծովուն դէմ
Հիացումի ծովէն ելած ու մոռցուած ձուկի պէս
Պարզ բարեւի մը ծարաւով տալպտկող ձուկի պէս
Նստեցէք
Մնաք բարով Տիկին Բրածոյ Տիկին Ձուկ

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Nocturne
Arno Babajanyan

Nocturne

Divination with a cup of coffee
Divination with a cup of coffee
Play Online