Zahrat

Կաղանդի գիշեր

Ամէն ինչ ծայրէն վերսկելու
Ի վերջոյ նորէն այդպէս ըլլալու
Տօնն է այս գիշեր

Լոյսեր վառեցէք եթէ չի բաւեր
Ձեզ տաքցնելու ձեր լոյսը ներքին
Տօն է այս գիշեր

Պահ մը ամէն ինչ վերջացնելու
Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու
Տօնն է այս գիշեր

Յոյսեր վառեցէք եթէ չեն բաւեր
Ձեզ տաքցնելու ձեր յոյսերը հին
Տօն է այս գիշեր

Ի վերջոյ նորէն այսպէս մնալու
Քիչ մը աւելի յուսալքուելու
Տօնն է այս գիշեր

Երգել փորձեցէք եթէ չէք մոռցեր
Խանդոտ երգերը ձեր պարմանութեան
Տօն է այս գիշեր

Զուր տեղ վատնուած օրերն յիշելու
Գոյութեան տխուր հաշուեկշիռին
Տօնն է այս գիշեր

Լոյսեր ու յոյսեր վառեցէք գոյն գոյն
Երգեր երգեցէք հինէն ու նորէն
Տօն է այս գիշեր
Գոյատեւելու տօնն է այս գիշեր

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Enzeli
Alexander Spendiaryan

Enzeli

Sunset over Yalta
Sunset over Yalta
Play Online

Support us! Buy our art based products from online shop