Zahrat

Այսպէս ամէն առաւօտ

Այսպէս ամէն առաւօտ
Հրաժեշտ կʼառնեմ կը բաժնուիմ ես ինձմէ

Տանս դուռը երբ կը փակեմ ետեւէս
Գիտեմ թէ
Եսս ներսն է եւ ամէն քայլ զիս կʼանջատէ իմ եսէս

Այսպէս ամէն առաւօտ
Հրաժեշտ կʼառնեմ կը բաժնուիմ ես ինձմէ
Կը խառնուիմ ուրիշներով շինուած հսկայ ծովուն մէջ

Ու կը տեսնեմ պատուհանին ետեւէն
Եսս կեցեր զիս կը դիտէ մտատանջ

Իսկ ես եմէն առաւօտ
Կʼերթամ ձուլուիլ ուրիշներով շինուած հսկայ ծովուն մէջ
Մինչդեռ եսս պատն երեսին նստեր կու լայ ետեւէս

Հրաժեշտ կʼառնեմ կը բաժնուիմ ես ինձմէ
Առաւօտուն ես մանաւանդ առաւօտուն դժբախտ եմ

Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Enzeli
Alexander Spendiaryan

Enzeli

Sea view
Sea view
Play Online