Siamanto

Արցունքներս

«Եւ ասէին. Զի՜ քերթողին այսքան սուգ...»
ԽՈՐԷՆ ԱՐՔԵՊՍ. ՆԱՐՊԷՅ


Ու մաքրաթեւ երազիս հետ մինակ էի, հովիտներուն մէջ իմ գիւղիս,
Քայլերս էին թեթեւ ինչպէս քայլերը խարտիշագեղ եղնիկին,
Եւ զուարթութեամբ կը վազէի, կապոյտէն եւ օրերէն բոլորովին գինով,
Աչքերս ոսկիով եւ յոյսով՝ եւ հոգիս աստուածներով լեցուն...

Եւ ահա բարեբեր Ամառն իր պտուղները զամբիւղ առ զամբիւղ,
Մեր պարտէզին ծառերէն դէպի հողը եւ դէպի զիս կ'ընծայէր,
Եւ ես լռութեամբ՝ գեղուղէշ ուռիին ներդաշնակ հասակէն,
Երգերս ստեղծելու համար խորհրդաւոր սրինգիս ճիւղը կը կտրէի...

Կ'երգէի... Ադամանդեայ առուակն եւ թռչուններն արփիագեղ.
Աստուածային աղբիւրներուն յստակահոս մեղեդիներն անդադրում.
Եւ առաւօտեան զեփիւռը, քրոջական գորովներու այնչափ նման,
Այս բոլորն իմ երջանիկ երգերուս թոթովումին կը ձայնակցէին...

Այս գիշեր երազիս մէջ, ձեռքս առի զքեզ, ո՜վ քաղցրախօս Սրինգ,
Շրթունքներս զքեզ ճանչցան՝ ինչպէս համբոյր մը հին օրերու,
Բայց շունչս՝ յիշատակներու զարթնումէն, յանկարծօրէն մեռաւ,
Եւ երգիս տեղ՝ շիթ առ շիթ, շիթ առ շիթ, արցունքներս էին որ ինկան վար...


Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Spartacus - Adagio
Aram Khachatryan

Spartacus - Adagio

Vicinity of the Village
Vicinity of the Village
Play Online