Ruben Sevak

Սիրո մրմունջ

Անոնք գացի՜ն խորհուրդով ու գաղտնիքով բեռնաւոր,
Գացի՜ն նաւերը սիրոյս իմ աչքերուս առջևէն,
Ցըռուկնին վեր, դէպի մո՜ւթ եզերքները հեռաւոր,
Առագաստնե՛րը գինով մայրամուտի գաղջ հովէն։
Ու տեսայ որ, հինաւուրց դիցուհիի պէս աղուոր,
Իրենց ձիւնի անարատ սրբութեան մէջ համօրէն,
Թևերնին վեր, անծանօ՜թ ափունքներու ուխտաւո՜ր,
Անրջանքիս կարապնե՛րը սահեցան յամրօրէն․․․
Իրիկուն է: Կը դիտեմ ես լո՜յծ անհունը ջուրի.
Հովը լըռիկ կը պատմէ ինծի յուշքեր երջանիկ,
Ու անպատո՜ւմ խորհուրդով անսահման ջո՛ւրը կ`ուռի։
Քար ու փրփուր ափին վրայ կը համբուրուին իմ առջիս․․․
Ես կը դիտեմ հեռաւոր հորիզոններն ուր լըռի՜կ
Գացին նաւե՛րը սիրոյս ու կարապներն անուրջիս:
Անոնք գացին խորհուրդո՛վ ու գաղտնիքով բեռնաւոր․․․


Be the first who will comment on this
Yatuk Music
Song of the Aisors
George Gurdjieff

Song of the Aisors